Բեռնակիրի յուշերես
- Մականունդ է-ո՞վ կը գրես, թէ՞ ե-ով,- գրիչս պահ մը կը կախուի էջին վրայ։
- Չեմ գիտեր, պարոն, ինծի մի հարցնէք, կըլլայ պատասխանը,- հայերէն գրել-կարդալ չեմ գիտեր։
Լիբանանահայու հարազատ շեշտով ըսուած այդ խօսքին ի լուր կը նայիմ երեսը. դիմացինս Գանատայէն կամ Հոլանտայէն չէ որ կու գայ, այլ շիտակ Պէյրութէն։
- Ինչպէ՞ս թէ չես սորված. օտար վարժարան մը յաճախած ես։
- Ոչ միայն օտար. երկու տարի Յովակիմեան-Մանուկեան ալ կարդացած եմ։
- Ատ ի՞նչ «կարդալ» է. մականունդ գրել չես գիտեր։
- Ինձմով զբաղող չկար հոն ։
Քանի մը տարի առաջ տեղի ունեցած այդ զրոյցէն ետք հետաքրքրական է կարդալ Ժիրայր Դանիէլեանի Ո՞ՒՐ ԵՆ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ յօդուածը (Յառաջ 3Օ Հոկտ.2ՕՕ2, արտատպուած Զարթօնքէն)։ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին տնօրէնը (վասն զի այս է յօդուածագրին պաշտօնը) հաշուակալի բծախնդրութեամբ կը թուէ Հայ Դպրոցին (ճիշդ այսպէս. գլխագիր) ներկայ տագնապին պատճառները։ Առաջինը ըստ իրեն «Աշակերտութեան թիւի նուազումն է, հետեւանք մէկէ աւելի պատճառներու»։ Իմ բերած օրինակը կարծեմ մատնանիշ կ՚ընէ «ազդակներէն» մէկը. պապան ափով դրամ կու տայ տղան «կարդացնելու» համար, իսկ դպրոցին մէջ անով զբաղող չկայ։
Ահա Բ. ազդակը ըստ Դանիէլեանի. «Հետեւաբար կրթաթոշակներէ գոյացած եկամուտներու կարեւոր նուազում»։ Հարկա՚ւ, պապաները երբեմն կ՚անդրադառնան, թէ զաւակը հայերէն գրել-կարդալ չէ սորված ու կը դադրեցնեն դրամը հովու բերանը նետել։ Թող Դանիէլեան շարունակէ իր «հետեւաբարներուն» շարքը. «Հետեւաբար՝ ուսուցիչները վարձատրելու, անոնց աշխատավարձերը ապահովելու լուրջ դժուարութիւն»։ Ըսել է դերձակի մը, կառք նորոգողի մը, խողովակադիրի մը, վարսայարդարի մը իրաւունքը - չես գիտեր ինչու - չուտուիր, աւելին՝ ոմանց համար խաղարանին մէջ գիշեր մը լուսցնելը բնաւ ալ «դժուարութիւն» չէ, սակայն ուսուցիչը կշտացնելը ազգային տագնապ մըն է . կը հեւանք, սակայն ձեռքերնիս ճա՜ր չկայ...
Ուշագրաւ է որ Ժ.Դանիէլեան իր գրութեան մէջ կը գործածէ խորհրդային շրջանի ռուսերէնէն թարգմանուած եւ Հայաստանէն ներմուծուած աշխատավարձ բառը։ Հարկա՚ւ ծիծաղելի կ՚ըլլայ ամիսներով չվճարուած դրամը ամսական անուանել, ատոր համար ալ սովետերէն կը խօսինք։ «Ինչո՞ւ լուռ է հայ Ուսուցիչը» (գլխագիր). կը հարցնէ Ժ.Դանիէլեան, եւ հարցումը կարծես մարտական փողին ձայնը հնչեցնէ. հայ ուսուցիչը «պիտի ըլլայ ջահակիրը, դրօշակիրը հայ դպրոցի պաշտպանութեան» ...
Կ՚երեւակայէ՞ք խեղճը. մէկ ձեռքին մէջ դրօշ, միւսին մէջ ջահ, թեւերէն մէկուն տակ տրցակ մը սրբագրուելիք տետրակ, միւսին տակ՝ բազմագրուելիք դասանիւթ։ Շուարած կեցած է. ուսուցչարա՞ն երթայ որ տետրակները ձգէ. դրօշակին ձողը երկայն է ու դռնէն ներս չ'անցնիր։ Երթայ թեքնիսիէնին լո՞ւր տայ թէ բազմագրող մեքենան աւրուած է. չի գիտեր թէ վառող ջահը ի՞նչ ընէ հեռաձայնը գործածել կարենալու համար։ Արդէն իսկ ամէնէն շատ բազմագրողը ազգային նիւթերուն ուսուցիչն է որ կամ դասագիրք չունի, կամ ալ օժանդակ նիւթերը քանակով անբաւարար են։ Օտար պաշտօնակիցներն ալ կը բազմագրեն, սակայն ի՜նչ եւ ո՜րչափ. միայն հարցարաններ. մէկական, շատ-շատ երկուքական թերթիկ դասարանին մէջ կը բաժնես-կը ժողվես. ի՞նչ պէտք կայ ուղտի բեռ մը տետրակ տունը տանելու։
Ժիրայր Դանիէլեան կը տրտնջէ թէ «Հայ վարժարաններու (այս անգամ չես գիտեր ինչու անգլխագիր- Ե.Լ.) ուսումնական մակարդակի անհարկի եւ անարդար վերագրումներ կը կատարուին»։ Չար պապանե՞րն են, որ կը յերիւրեն թէ դասագիրքերը վաթսունականներէն ասդին չեն վերահրատարակուած կամ վերահրատարակուած են նոյնութեամբ։ Կամ ալ օձիքը թոթուող շրջանաւա՞րտն է, որ նախանձով կը նայի օտար վարժարաններ յաճախած երբեմնի խաղընկերներուն։
Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի սեմին կոխած չըլլալով՝ ոխ, դառնութիւն կամ կանխակալ հակակրանք մը պահած ըլլալ չեմ կրնար այդ հաստատութեան, կամ տնօրէնին դէմ։ «Հետեւաբարները» համատարած երեւոյթ են աշխարհիս հայ անկիւններուն մէջ։
Այլուր ըրած դրօշակրութեանս եւ ջահակրութեանս շրջանին հանդիպած եմ տղոց, որոնք հայերէն գիրին անծանօթ մնացած են Մուրատ-Ռափայէլեանի մէջ երեք տարի «կարդալէն»ետք։ Անոնցմէ մին «յաջողած» էր հայ այբուբենը չսորվիլ նոյնիսկ չորրորդ տարին կարդալով Մելքոնեանի մէջ, ուր նոյնպէս «իրմով զբաղող» չկար։
Ցորչափ որ հայ վարժարանը մնայ կուսակցութեանց (այսինքն կրթութեան հետ կապ չունեցող դիւանակալ մարմիններուն) ձեռքը, Ցորչափ որ ուսուցիչը ստիպուի ուսման հետ կապ չունեցող առարկաները (դրօշակ, ջահ, շեփոր կամ թմբուկ) շալկելու եւ գրաստ նկատուելու, Ցորչափ որ ազգին սնտուկին վրայ նստածները շնորհքով դասագիրք կազմել-տպագրել տալու եւ ուսուցիչին մարդավայել ամսական վճարելու փոխարէն «Մենք Հայաստանին կ՚օգնենք» անունով խաղը խաղալ շարունակեն, Ցորչափ որ պապաները (եւ մամաները, այսինքն դուք, ես, մենք) նիւթական հաշուետուութիւն չպահանջենք գլխագիր բառերու սիրահար կրթական կալուածատէրերէն, Ցորչափ որ մեր մէջ ամօթխածօրէն «տագնապ» կոչուածը չվերագտնէ իր բուն անունը. զեղծարարութիւն, «Հետեւաբարները» խլիրդի ուռին պէս պիտի ծաւալին եւ ընդարձակին մինչեւ որ դուռը գոցէ հայ վերջին կրթարանը։ Սակայն մինչ այդ, բոցաշունչ ձեր յաջորդ կոչը գրած ատեն, պարոն տնօրէն, աչք մը նետեցէք միջանցքը. չըլլայ թէ հոն՝ հայերէնի պահուն՝ դեգերի օտար վարժարանէն բերուած հայ տղայ մը...
Ենովք Լազեան
Փարիզ
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել