
Արամ Ա. Կաթողիկոսը կոչ կ՛ուղղէ Քեսապահայութեանը օժանդակելու
Մեծն Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանի դիվանը հաղորդագրություն է տարածել Քեսաբում տեղի ունեցածի վերաբերյալ, որը ներկայացնում ենք ստորեւ.
«Արամ Ա. Կաթողիկոս վերջին օրերուն Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան գծով շարունակեց իր աշխատանքները ու խորհրդակցութիւնները:
Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իր կողմէ Լաթաքիա ղրկուած յաջորդական երկու պատուիրակութիւնները:
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Տիար Ճորճ Շահինեանի ինչպէս նաեւ Լիբանանի Քեսապցի ներկայացուցիչներուն հետ: Իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն ու հանդիպումներուն լոյսին տակ Վեհափառ Հայրապետը Քեսապի հայութեան օժանդակութիւնը կը նկատէ խիստ հրամայական ու անյետաձգելի:
Առ այդ` Նորին Սրբութիւնը ժողովուրդին ուշադրութեան կ’ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.
1) Մեծապէս կը գնահատենք Քեսապի հայութեան զօրակցութեան արտայայտութիւնները` Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
2) Անհրաժեշտ է մեր հաւաքական զօրակցութիւնը վերածել գործնական աշխատանքի` օժանդակութեան անմիջական ձեռք երկարելով Քեսապի հայութեան:
3) Որպէսզի կատարուելիք աջակցութիւնը օժանդակութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արագ« կարեւորութեամբ կը թելադրենք« որ բոլոր օժանդակութիւնը կատարուին Կաթողիկոսարանին ճամբով` յատկացուելու համար Քեսապի հայութեան անմիջական կարիքներուն ու վերականգնումին:
Կ’ուզենք յիշեցնել որ դրամատնային փոխանցումները հարկ է կատարել հետեւեալ հաշիւին.
Bank: FRANSABANK SAL« Antelias Branch« Lebanon
Name of Account: CATHOLICOSSAT ARMEIEN DE CILICIE
IBAN: LB87 0001 0002 4753 8500 0030 3501
SWIFT Code: FSAB LB BX»
Մեկնաբանել