HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հայզաւակ Պզտիկեանն ու Յոյսի Նշոյլները

Գրեց՝ Արա Սուվալեան
[email protected]Դամասկոս, Սուրիա

Արաբերէն բնագիրէն Հայերէնի թարգմանեց՝
Գարոլին Մսրիէ-Սերոբեան, Տոհա, Քաթար


96 տարիներ քլորուեցան ‎1915 թուականէն ետք, երբ սկիզբ առաւ Հայզաւակ Պզտիկեանի դառն պատմութիւնը:

«Հայզաւակ» յստակօրէն հայկական անուն է: Իսկ «Պզտիկեան»ը մականունն է այն բազմանդամ ընտանիքին, որ Իսքանտարոնի սանճաքի հիւսիսը գտնուող Տորթ Եօլ գիւղաքաղաքէն աքսորուեցաւ հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: 1915ին էր, երբ Հայզաւակը, իր ընտանիքի մնացեալ քանի մը անդամներուն հետ միասին ճամբայ ելաւ հեռանալով իր ծննդավայրէն: Այն ատեն հազիւ ինը տարեկան էր ու չէր գիտեր, որ այդ օրերու արհաւիրքէն փրկուող ընտանիքի մը միակ անդամը պիտի ըլլար ան՝ անապատները, լերներն ու հովիտները անցնելով ու հարազատներուն այդտեղերը թողելով որպէս անշարժ դիակներ:

Այս պիտի ըլլար Պզտիկեան ընտանիքի ճակատագիրը, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը ղեկավարող` Իթթիհատ եւ Թէրաքքին որոշեց բնաջնջել հայութիւնը առգրաւելէ ետք անոնց ունեցուածքը, գիւղերը, տուները, անասունները, այգիները, ոսկին ու նոյնիսկ կիներն ու փոքրերը, ինչպէս նաեւ դէպի մահ առաջնորդելէ ետք  հայ երիտասարդները Օսմանեան պատերազմներու առաջին գիծերուն վրայ, եւ ինչու չէ անոնց դէմ համաձայնելով իրենց մօտեցող թշնամիին հետ: Այդ երիտասարդներէն ողջ մնացողներուն  պիտի հրահանգուէր պաշտպանողական խրամատներ փորել: Ապա, կատարելագործելէ ետք իրենց պարտականութիւնը, անոնք իրենց զինակից ընկերներուն կողմէ իրենց կռնակներէն փամփուշտներ ստանալով պիտի հանգչէին իրենց ձեռքերով սարքուած  խրամատներուն մէջ, որոնք իրականութեան մէջ  հաւաքական գերեզմանոցներ էին իրենց մէջ քրկելու հայրենի հողին վերջին համբոյրը տուող եւ կեանքին հրաժեշտ տուող հայ երիտասարդները:

Հայզաւակը ունէր երեք քոյր` Մարգրիտ, Սեզա եւ Հայկանուշ ինչպէս նաեւ Օսմանական բանակին մէջ ծառայող եղբայր մը: Ըստ եղելութեան, Հայզաւակի մայրը չէր ուզէր մեկնիլ Տօրթ Եօլէն, սպասելով իր զաւկին զինուորական ծառայութենէն վերադարձին, որովհետեւ չէր ուզեր կորսնցնել զայն: Հայզաւակի մայրը չէր գիտեր, որ ինք  ու մնացեալ զաւակները, բանակ մեկնած որդւոյն նման արմատախիլ պիտի ըլլային իրենց ծննդավայրէն: Ան նոյնիսկ չէր գիտեր, որ զաւակը ոչ միայն բաժնուած էր ծննդավայրէն, այյ ամբողջ կեանքէն, մօր եւ ամբողջ ընտանիքին կրկին անգամ հանդիպելու փաղձանքով, սակայն այս անգամ երկնքի մէջ, ուր կայ կատարեալ արդարութիւնը հսկող մեծագոյն արքան:

Հայզաւակը, միւս աքսորեալներուն հետ միասին կը քայլէր պանդխտութեան ճանապարհներէն: Ան Սուրիոյ հիւսիսային բաժնի (այժմ խլուած) Իսքանտարոնէն դէպի արեւմուտք քալելով պիտի անցնէր Ռաս ուլ-Այնի, Քամշլիի եւ Հասիչէի հայկական հաւաքական գերեզմանոցներէն: Ոչ մէկը գիտէ, թէ քանի անգամներ իննը տարեկան այդ երեխան երկնայինին միջամտութեամբ պիտի փրկուէր ծրագրուած սպաննութիւններէն: Ան չէր յիշեր, թէ ով իրեն հաց եւ ջուր տալով զինք մահէն ազատեց: Ան չէր յիշեր, թէ որ արաբական աշիրէթը զինք խնամեց մինջեւ Սուրիոյ արեւելքը հասնիլը, ուր ինքզինք կը գտնէ Իրաքեան Մուսուլ շրջանի Թալաֆար շրջանին մէջ, ուր իր նոր ընտանիքը կ'որդեգրէ զինք: Այսպէս, ինը տարեկան այդ երեխան մեծնալով, կը հմտանայ ալիւրի արտադրութեան եւ ջաղացպանութեան արհեստներուն մէջ, ինչպէս այդ ժամանակաշրջանի արհեստասէր հայերը, որոնք զբաղեցան հողագործութեամբ, անասնապահութեամբ, թողելով հովիւութիւնը քոչվորական այն ցեղերուն, որոնք կը բնակէին ամբողջական Հայաստանի սահմանային շրջաններուն մէջ, ուր այս աւանդոյթը կը շարունակուի մինջեւ օրս:

Հայզաւակը զինք որդեգրող ընտանիքին կողմէ կոչուեցաւ Եագուպ շրջանի արաբ բնակչութեան հետ յարմարելու համար: Յառաջիկայ տարիներուն զինք պիտի ամուսնացնէին Նուռա անունով Թուրքմէն աղջկայ մը հետ ունենալու համար երեք զաւակներ` Սայիտը, Եուսու‎ֆը եւ Ռաղտան: Ու որովհետեւ կեանքը իր գոյութեամբը անարդար էր, Եագուպը իր զաւակները պիտի չի կարենար կոչել հայկական անուններով, զանոնք հեռու պահելու իր անցեալի դառն պատմութենէն: Այսպէս ան կատարելապէս պիտի անջատուէր հայութեան հետ զինք շաղկապող վերջին թելէն` հայկական անուններէն, առանց գուշակելու, որ ճակատագիրը իրեն համար պահած էր անակնկալ մը, երբ նախորդ դարու յիսունական թուականներուն կրտսեր քրոջմէն` Մարգրիտէն նամակ մը պիտի ստանար: Մարգրիտը կորսուած էր աքսորի ճանապարհներուն եւ Հայզաւակը կը կարծէր, թէ ան ալ,  նման ընտանիքի միւս անդամներուն, մեկնած էր անդի աշխարհ: Հայերէնով գրած իր նամակին մէջ Մարգրիտ կը բացատրէր, որ ինք ողջ է ու Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուելով ամուսնացած ու զաւակներու մայր է:

Ստացուած նամակը ամբողջովին ցնցեց Հայզաւակի էութիւնը: Նամակը հասած էր երկաթեայ վարագոյրով պատուած Սովետական Կայսրութեան Հայաստանէն, ուրկէ նամակ ստանալը կը նմանէր իսկական հրաշքի: Կ'ենթադրուի որ Նամակը հասած ըլլայ Իրաքահայ կղերականի մը միջոցաւ, որ գիտէր Եագուպի բուն անունն ու պատմութիւնը: Այդ կղերականը պատահաբար հանդիպած պէտք է ըլլայ Հայզաւակին քրոջ Խորհրդային Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Կամ նամակը հասած է Իրաքցի քաղաքական գործիչի մը միջոցաւ, որ այդ տարիներուն այցելած է համայնավարութեան օրրան ` Խ. Միութիւնը:

Նախորդ դարաշրջանի յիսունական եւ վաթսունական տարիները վերիվայրումներու տարիներ էին: Անոնք զեղուն էին յեղաշրջումներով: Յեղաշրջողները յեղափոխականներ, ընկերվարականներ, յառաջադէմներ ու ազատականներ էին, որոնք պիտի ներառուէին Խորհրդային Միութեան ընկերվարական փորձին մէջ: Անոնց կրօնքը համայնավարութիւնն էր իսկ պաշտամունքը` ընկերվարութիւնը: Պէտք է նաեւ յիշել, որ այդ օրերուն, մահուան կը դատապարտուէին բոլոր անոնք, որոնք կը փորձէին կապեր հաստատել Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս թէ դուրս, ըլլան պարզ քաղաքացիներ, քաղաքական բեղուն գործիչներ կամ սպաներ:

Հայզաւակը, կամ Եագուպը, բաւական մեծ քաջութեամբ պիտի պատասխանէր քրոջ նամակին: Այսպէս անոնք կը սկսին փոխանակուիլ իրենց լուրերը: Շրջան մը ետք, Եագուպ կ'անդրադառնայ, թէ այս նամակագրութիւնը կը վտանգէ քրոջը կեանքը: Անհրաժեշտ էր կասեցնել նամակագրութիւնն ու այրել փոխանակուած նամակները: Այսպիսով ան կը կը կորսնցնէ քրոջ հասցէն, ու կապերը անգամ մը եւս կը խզուին:

Տարիները կը սահին ու սովորաբար ընկուզենիի մը շուքին տակ նստող Եագուպը, կինն ու զաւակները իրենց շուրջ կը բոլորեն իրենց թոռները, որոնց Եագուպը հաճախ կը պատմեր`

«Տորթ Եօլի մեր այգիին մէջ կար հսկայ ընկուզենի մը ընդարձակ շուքով ու ծաւալուն ճիւղերով: Անոր շուքին տակ կը նստէի հօրս` Կարապետին հետ, երբ մեր մօտ ոչխարներու ամբողջ հօտ մը կ՛արածէր: Անունս Եագուպ չէ: Ես անմեղ եմ այս կոչումէն ինչպէս գայլը Եագուպի արիւնէն: Անունս Հայզաւակ է, Տօրթ Եոլցի Հայզաւակ Պզտիկեան, Կիլիկիայէն: Հօրս անունը Կարապետ է ու մեր հողին վրայ կային հազար ու մէկ աղբիւրներ, ծառեր, միրգեր, ձիւն, ծիրան, կերաս, խնձոր, խաղող ու նուռ: Ես հայ եմ եւ արմատներս հոնկէ են: Մայրս` Ախսուպ Ալթուն Քէհէյեանը, քոյրերս` Սեզան, Հայկանուշը, եղբայրս ու հայրս բոլորն ալ այնտեղ սպաննուեցան: Փրկուողներն էին ես ու շիկահեր գեղեցիկ քոյրս` Մարգրիտը, որ յաճախ մեր պարտէզէն ծաղիկներ կը հաւաքեր: Ան ողջ է ու Հայաստանի մէջ կը բնակի, սակայն չեմ կրնար իմ եղբայրական համբոյրներս դրոշմել անոր վարդագոյն այտերուն վրայ:»

«Անունս Եագուպ չէ, այլ Հայզաւակ` որդին Կարապետ Պզտիկեանի եւ Ախսուպ Ալթուն Քեհէյեանի: Երանի այն օրերուն, երբ մայրս հաց կը թխեր ու մեզ կը կերակրեր: Երանի այն օրերուն, երբ իրեն կ'օգնէինք Ս. Յարութեան տօնի քաթան` կարկանդակը պատրաստելու: Հոգիս կ'ուտամ, միայն պատառ մը եւս առնեմ խաչով զարդարուած այդ քաթայէն: Լսեցէ՛ք գիւղիս եկեղեցւոյ զանգակատան երգը: Ականչիս մօտ հնչող քաղցրիկ երգ է սա: Տեսէ՛ք հրեշտակները: Ահա եկած են զիս հարազատներուս միացնելու, զիս երկիր վերադարձնելու:»

Եագուպի դիակը կը լուացուի, անոր աճիւններուն վրայ աղօթք արտասանուելէ ետք, զինք կը յանձնեն հողին, իրականացնելով այն դահիճին մարգարէութիւնը, որ կ'ըսեր: Թող հայերը իմանան, որ գերեզմանը իրենց աւելի մօտ է քան իրենց երկիր վերադարձը:

Թալեաթ Փաշան, Էնուէր Փաշան եւ մարդասպան Ճէմալ Փաշան ոճրագործներու ամբոխը կազմող երեակն են: Անոնք այն Տոնմէ Թուրքերն են, որոնք  հայ ժողովուրդի խաղաղ կեանքը աղաւաղեցին,  անոր ցեղասպանութեան մատնեցին, որովհետեւ վերջինը պահանջեց իր անկախութիւնն ու արժանապատիւ կեանք ապրելու արդար իրաւունքը: Որովհետեւ այդ ժողովուրդը կ'ուզեր ամբողջ չորս դարերու վրայ երկարող իր ստրուկ վիճակէն դուրս գալ: Հետեւաբար այդ ոճրագործ ամբոխը պէտք էր իրաւունքի պահանջքը դիմագրաւեր քարուքանդ ընելով հայոց հնութիւնները, եկեղեցիները, ամրոցներն ու նոյնիսկ նախնիներու գերեզմանոցները, որպէսզի որեւէ մէկ հետք չմնայ յիշեցնելու համար անոնց գոյութիւնը այդ հողերուն վրայ: Անոնց նոյնիսկ զրկեց հայրենի հող վերադառնալէ:

Այսօր պատմութիւնը կը կրկնուի  ու հեռատեսիլին ընդմէջէն կը դիտեմ Սուրիացի եւ Պաղեստինցի երիտասարդներու զանգուածները, որոնք ճեղքելով փշոտ ու ելեկտրականացուած սահմանային լարերը կը սլանան դէպի բռնագրաուած հողը քաջ գիտնալով, որ հոնկէ կրնան վերադառնալ նահատակութեան հարսանիքով մը, երբ իրենց քրկող սնտուկները պիտի զարդարուին Սուրիական եւ Պաղեստինեան շքեղ դրոշներով: Նահատակին մարմինը չի լուացուիր, որովհետեւ անոր մարմինը սրբացուած է իր իսկ արեամբ: Այո, այս Հայրենիքն է ու որքան վեհ է այն մարդը որ իր մերկ կուրծքով կը պաշտպանէ զայն: Հայրենիքի արժէքը գիտէ միայն ան, որ կորսնցուցած է զայն:

Ժամանակները կը կրկնուին հայութեան ապրած նոյն դէպքերը ներկայացնելով, սակայն այս անգամ Պաղեստինի մէջ, ուր հրեաները որեւէ մէկ ճիք չեն խնայեր Պաղեստինեան ժողովուրդը արմատախիլ դարձնելու: Քանի մը ամիսներ առաջ էր, երբ դիտեցի Պաղեստինեան աղետի յիշատակման մասին պատրաստուած յայտագիր մը, ուր կը նկարագրուի հրեաներու ձեռամբ կատարուած Պաղեստինցիներու գերեզմաններուն քանդումը, յիշեցնելու համար զիս այն անձերն ու դէպքերը, որոնք չէի ուզեր յիշել:

Հայզաւակի թոռներէն` Ասաատ Եագուպն ու Բժիշկ Հուսէյն Եագուպը  իրենց մեծ հօր արմատները գտնելու յոյսով կը մեկնին Տորթ Եօլ, փորձելով շօշափել իրենց մեծ հօր անցեալին հետ առնջուող որեւէ մէկ տեղեկութիւն վերադառնալով այդ օրերու տոմարներուն: Հաստատ գիտէի, որ այնտեղ վավերաթուղթ մը պիտի չգտնեն: Ցեղասպանը իր ոճիրը ամբաստանող սպաննուողներու անուանացանկերը վստահաբար 90 տարիներ պիտի չպահէ: Ոճրագործը  իր սարսափելի հանցագործութիւնը ամբաստանող արձանագրութիւններ չի կրնար գիտակցաբար պահել: Նման վավերաթուղթեր հաստատ որ այս կամ այն ձեւով փճացուած են: Այս բոլորէն մեկնելով Հայզաւակի թոռներուն խոստացայ կոչ յօդուած մը ուղղել համայն հայութեան` Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տարբեր լեզուներով գտնելու համար Մարկրիդ Հօրաքոյը կամ անոր զաւակներէն ու թոռներէն մին:

Սակայն, վերջերս, այնքան խանգարուած էին ապրումներս որ չէի կրնար խոհերս թուղթի տալ: Երբ Հայզաւակի թոռները հարցուցին ուշացումիս պատճառը իրենց հարց տուի: Դուք արբանեակային սփռում ունի՞ք: Կը տեսնէ՞ք ինչեր կը պատահին Սուրիոյ մէջ: Անոնք ըսին, նման դէպքեր տեսնելով մեր սրտերը հրկիզուեցաւ ու կ'աղօթենք, որ երկնայինը հեռու պահէ ձեզ այս դժբախտութեան բաժակէն:

Վերջապէս կոչը գրուած է ու ներկայիս կ'աշխատիմ զայն տեսնել Արաբերէն, Հայերէն ու Անգլերէն լեզուներով հրատարակուած, կեանքի կոչելու Հայզաւակ Պզտիկեանի յոյսի նշոյլները:

Կոչ

Իրաքի  Մուսուլ  շրջանէն  Տիար Ասաատ Եագուպ եւ Բժշկ. Հուսէյն Եագուպ կոչ կ'ուղղեն Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայն հայութեան կապեր հաստատելու իրենց մեծ հօր` Հայզաւակ Պզտիկեանի հարազատ քրոջ`  Տիկին Մարգրիտ Պզտիկեանի կամ անոր զաւակներէն ու թոռներէն մէկուն հետ:

Ձեր ուշադրութեան կ'ուզենք յանձնել, թէ յիսունական թուականներուն Տիար Հայզաւակ Պզտիկեանի եւ Տիկին Մարկրիթ Պզտիկեանի միջեւ Մուսուլէն Երեւան նամակագրական կապ հաստատուած է, սակայն յետագային կամքէ անկախ պատճառներով խզուած է այդ կապը: Նշենք նաեւ, թէ Տիար Հայզաւակ Պզտիկեանը 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք, ինը տարեկանին,  Թուրքիոյ արեւմուտքի Տորթ Եօլ գիւղաքաղաքէն Իրաք աքսորուած է: Հայզաւակն ու Մարգրիտը որդիներն են Կարապետ Պզտիկեանի եւ Ախսուպ Ալթուն Քէհէյեանի:

Կը խնդրուի բոլոր անոնցմէ, որոնք որեւէ մէկ տեղեկութիւն ունին Տիկին Մարգրիտ Պզտիկեանի կամ անոր ընտանիքի անդամներէն մէկուն մասին, ելեկտրոնային նամակ ուղղարկել Տիար Ասաատ Եագուպի հետեւեալ հասցէին՝ [email protected] 

Շնորհակալութիւն:

 

A Call for Help

Mr. Asaad Yacub and Dr. Hussein Yacub from the area of ​​Mosul in Iraq call on all Armenians in Armenia and Diaspora to help them find Mrs. Margret Bzdigian, daughter of Garabed Bzdigian and Akhsob Altoun Keheyan.

Margret is the sister of their grandfather, Mr. Hayzavag Bzdigian, who was exiled in 1915 from his hometown Dort Yol in Cilicia to Iraq when he was nine years old during the Armenian Genocide. It is noteworthy that in the fifties of the last century their grandfather, Hayzavag Bzdigian, could establish contact from Mosul to Yerevan with his sister, but it couldn't last long due to difficult circumstances.

 If you have any information about Mrs. Margret Bzdigian, her children or grandchildren, kindly email Mr. Asaad Yacub on the following address: [email protected]

Thank you. 

Մեկնաբանություններ (1)

Ara Souvalian
Thank you for publishing the article Please correct mailing address at the end of the article to [email protected]

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter