Ալիւի պայմանական մօտեցումները Մոսկուայէն եւ Կազանէն առաջ
Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան արտաքին գործոց նախարարներու ձեւաչափով կայանալիք հանդիպումէն անմիջապէս առաջ եւ Կազանի մէջ տեղի ունենալիք միջնախագահական հանդիպումի նախօրէին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը փութար յայտարարելու հետեւեալը. «Յոյսով եմ, որ տեղի ունեցող բանակցութիւնները արդիւնք կու տան եւ «կը վերականգնուի» Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Ներկայի գոյավիճակը (սթաթուս քո) պէտք է փոխուի։ Այժմ լաւ պայմաններ են ստեղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի կարգաւորման համար»:
Այստեղ ալիեւական տրամաբանութիւնը վերլուծելը մեծ ճիգի չի կարօտիր անշուշտ։ «Արդարացի» լուծումը Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան «վերականգնում»ով կը պայմանաւորուի։ Այս տրամաբանութեան վրայ հիմնուելով աւելորդ է խօսիլ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան համար, ինչպէս հրապարակյնօրէն կը յուսայ Ազրպէյճանի նախագահը։ Նոյն յանկերգն է, որ կը շեշտուի Ազրպէյճանի թիւ մէկ ղեկավարին բերնով, ինչ որ ընդանրապէս բանակցելու տեղ չի ձգեր եւ կ՛իմաստազրկէ ամբողջ գործընթացը։ Ի՞նչի շուրջ պէտք է միջնորդեն գերտէրութիւնները եւ ի՞նչի մասին պիտի բանակցի հայկական կողմը, եթէ խօսքը Արցախի ներկայ սահմաններուն Ազրպէյճանի վերադարձով կը հասկցուի բանակցիլը։
Ազրպէյճան կը յայտնուի միաժամանակ ռազմատենչ յայտարարութիւններ կատարողի, հրադադարը խախտողի եւ բանակցութիւնները ի սկզբանէ պայմանաւորողի դիրքին վրայ։ Նման պայմանական մօտեցումներով ամբողջ գործընթացը հարուածող պաշտօնական Պաքուն սակայն, չ՛ենթարկուիր միջազգային ընտանիքի եւ միջնորդ պետութիւններու համապատասխան վերաբերումին, եթէ խուսափինք մեղադրանք կամ դատապարտանք բառեզրերը օգտագործելէ։Այնպէս ինչպէս հաւասարեցումի փորձ կը կատարէ միջազգային ընտանիքը, ի տես հրադադարի խախտումի միակողմանի սանձազերծումներուն եւ ի լուր Պաքուէն մնայունօրէն հնչող պատերազմի սպառնալիքներուն։
Հարցը այս պարագային, ոչ թէ Պաքուի վարքագիծն է, որ հիմնական նորութիւն չէ, այլ Ալիեւի ծխածածկոյթ յառաջացնելու ձախող փորձը՝ լաւատեսութիւն ցուցադրելու Կազանի հանդիպումէն առաջ։ «Յոյս», «արդիւնք», «վերականգնում» «գոյավիճակի փոփոխութիւն» «արդարացի կարգաւորում»՝ մէկ պարբերութեան մէջ այսքան լաւատեսութիւն ներշնչող բառակապակցութիւններու օտագործումը բեկումնային պահի սպասման հանգրուան ձեւաւորող յստակ քաղաքականութիւն է, որ կը թուի համահունչ ըլլալ միջազգային ընտանիքի կողմէ յայտարարողական հարթութեան վրայ յառաջացուցած մթնոլորտին։ Թէեւ, ինչպէս վերը մատնանշուեցաւ «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում»ի պայմանական հաստատումը կը ջրէ միւս լաւատեսական բոլոր բաղադրիչները եւ կը փարատէ մշուշը։
Մինչեւ Կազան աճապարելու, համաձայնական տարազներու յանգումը չյետաձգելու անվերջանալի պահանջները երեւցան Տովիլի մէջ եւ Տովիլէն ետք՝ յատկապէս լրագրողական, փորձագիտական եւ քաղաքական որոշ շրջանակներու մօտ։ Հայկական կողմը զսպուածութիւն ցոյց կու տայ բոլորին նկատմամբ։ Իրաւամբ։ Արդիւնք ապահովելու համանախագահներուն ցանկութիւնը դժուար որ իրականանայ, մանաւանդ Ազրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնները նկատի առած։ Իսկ այստեղ պատասխանատուութեան համահաւասարեցումի մօտեցումը պարզապէս ընկալելի չէ։
Շահան Գանտահարեան` «Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել