HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Հերոսի Ուղին. Մոնթէ Մելքոնեանի Յիշատակին

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան

Եթէ այսօր մէկը խնդրէր Հայաստանի Ազգային Հերոս Մոնթէ Մելքոնեանէն իր մասին քանի մը խօսք ըսել, ան պիտի ամօթխած ժպտէր ու ինչպէս տեսած ենք տարբեր տեսաերիզներու մէջ պիտի ամչնալով կրկնէր.

-Ով որ ինծի գիտէ՝ գիտէ: Ոչ մէկ բան ունիմ ըսելու:

Եթէ փորձենք Ամրիկացի գրող Ճոզէֆ Քամբպէլի դասական` «Հազարադէմ հերոսը» գիրքի Հերոսի Ուղին (մոնոմիթ) մօտեցումը որդեգրել, Մոնթէ Մելքոնեանին անցած ուղին զարմանալի ճշդութեամբ պիտի տեղաւորուի այդ կաղապարին մէջ, որ հիմնական երեք փուլ կը ներառէ:

Ա. Մեկնում. Մոնթէ Մելքոնեան պատանի տարիքին այցելելով արեւմտահայաստան, իր մօրական կողմին տան դիմաց պահ մը ապշած մնալով չէ կրցած հասկնալ թէ ուրկէ ո՜ ւ՜ր իր պապերուն տունը Խարբերդի մէջ է: Այդ հարցումը երբէք չէ լքած զինք: Պերքլիի համալսարանի իր աւարտաճառը Ուրարտական ժայռափոր դամբարաններուն մասին գրելէն ետք, քսանմէկ տարեկանին հեռացած է իր առօրեայ հանգիստ միջավայրէն ու կեանքէն: Հետեւելով իր ներքին ձայնին ու ինքնութեան մասին ունեցած բազմաթիւ հարցումներուն, ան փնտռտուքի մէջ ինկած է: Պատասխաններու որոնումը զինք տարած է դէպի Լիբանանի եւ Պարսկաստանի հայահոծ համայնքներ: Սփիւռքահայութեան առջեւ  ծառացած գոյութենական վտանգը մղած է զինք մասնակցելու Լիբանանահայ համայնքի ինքնապաշտպանութեան գործին: Օքսֆորտի մէջ ուսանիլը այլեւս առաջնահերթութիւն չէր իրեն համար, այլ ազգային պայքարը: Մոնթէին ճանապարհը եղած է անասելի փորձութիւններով, դժուարութիւններով ու կորուստներով լի: Ան մահուան ճիրաններէն մազապուրծ ազատելով յայտնուած է անառողջ եւ իր սկզբունքներուն խոտոր համեմատող միջավայրի մը մէջ: Ինքնասրբագրման ու ինքնազտման  գործընթացը եղած է տաժանելի ու ցաւոտ: Սակայն բանտի ճաղերէն ներս իսկ Մոնթէն հաւատարիմ մնացած է իր սկզբունքներուն ու չէ կորսնցուցած ժողովուրդին ծառայելու իր առաջնահերթութիւնը:

13-24 մայիս 1988-ի նամակի մը մէջ Մոնթէն ինծի կը գրէր. «Մեր ժողովուրդը, ինչպէս որեւէ ժողովուրդ, հակառակ որ գէշ տարրեր ունի իր մէջ, իբրեւ ամբողջականութիւն մը լաւ է: Ես շատ ուրախ եմ հայ ըլլալով: Հայկական մշակոյթը լաւ է, լաւ է հայու առօրեայ կեանք ապրիլ: Երբէք չեմ ըսեր, որ հայ ժողովուրդը որեւէ ուրիշ ժողովուրդէն լաւ է: Ո՛չ, այդ տեսակ բաներ ճիշդ չեն: Այլ նոյնիսկ այդ տեսակ հարց չի դրուիր: Պարզապէս ամէն մէկ ժողովուրդ իր յատկութիւնները ունի եւ այս յատկութիւններու տեսակները եւ բազմութիւնն է, որ աշխարհի մարդկութեան հարստութիւնն է: Իսկ դուն եւ ես եւ միւս հայերը, մենք հայ ենք ուրեմն բնական է որ մենք պիտի մեր յատկութիւններուն, մեր մշակոյթին կապուած ըլլանք: Մեր մշակոյթը ամբողջ մարդկութեան հարստութեան մէկ բաժինն է: Պէտք է պաշտպանենք եւ զարգացնենք այդ մշակոյթը: Վերջին ամիսներուն մեր ժողովուրդին ազնիւ, բարի տարրերուն օրերն էին: Երբ այս մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը (այսինքն՝ երբ այս հսկայ «պարզ» զանգուածները) կը շարժի շատ-շատ յստակ կ'ըլլայ այն իրականութիւնը՝ այսինքն որ մեր ժողովուրդը լաւ եւ ողջ է»:

Բ. Նուիրագործում. Մոնթէին պայքարի ուղին բարդ էր ու փշոտ: Ան պատրաստ էր պաշտպանելու բոլոր ճնշուած  ժողովուրդներու իրաւունքնեըր: Ժամանակի զարգացումները զինք բերին Հայաստան ուր աւելի թէժ պայքար կը սպասէր իրեն: Հայաստան հասնելով Մոնթէն նախ շարունակեց իր մտաւոր աշխատանքն ու ինքնազարգացումը: Ան կոփուած էր Լիբանանի թաղային կռիւներուն եւ հարաւային Լիբանանի՝ Պաղեստինցի ժողովուրդի ազատագրութեան համար մղուող բուռն մարտերուն մէջ: Ժամանակը հասած էր երբ իր հայրենակիցներուն իրենց պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը պաշտպանելու համար ան պէտք է պատրաստ ըլլար նաեւ դաշտային պատերազմներու: Տքնաջան աշխատանքով ան հասաւ ռազմական հասունութեան եւ վիթխարի ճիգերով հաւատարիմ մնաց իր բարոյական սկզբունքներուն միշտ համեստութեան առաջին օրինակը հանդիսանալով: Ժողովուրդին հանդէպ իր նուիրումով ու իր անշահախնդրութեամբ Մոնթէն դարձաւ հեղինակութիւն: Արցախի իր հայրենակիցներուն ինքնապաշտպանութեան ու ապահովութեան համար Մոնթէն պատրաստ էր գերագույն ինքնազոհութեան:

11 օգոստոս 1988-ին բանտէն կը գրէր. «Սիրելիս, մեր պայքարը շատ դժուար է եւ շատ-շատ երկար պիտի տեւէ, ուրեմն ով որ անոր մէջ մասնակցի վստահաբար պիտի դժուար կեանք մը ունենայ: Բայց ..., միայն այս պայքարն է, որ պարկեշտ եւ  ինքզինք չխաբող Հայ հայրենասէր մը կրնայ ընտրել: Կը բաւէ՛ որ ամէն մարդ սպասէ, որ ուրիշ մէկը կամ յաջորդ սերունդը բան մը ընէ: Մե՛նք պիտի ընենք: Մե՛նք»:

Գ. Վերադարձ. Յաճախ անուշադրութեան կը մատնուի այն հանգամանքը թէ Մոնթէն նախ եւ առաջ մտաւորական էր: Ան կը սիրէր նախ ուսումնասիրել, ապա վերլուծել եւ յետոյ նետուիլ գործի: Ան նաեւ ճիգ կը գործադրէր հասկնալու տեղի ժողովուրդն ու մշակոյթը: Անոր մէջ կը միաւորուէին թէ՛ արեւմտեան կրթութեան, թէ՛ սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու եւ թէ՛ Հայաստան աշխարհի մշակոյթներէն մասնիկներ: Ան կրցաւ իր գիտելիքները տեղին գործածել, ժողովուրդը հասկնալ ու ազգային պատկանելիութիւն զգալ: Մոնթէն մինչեւ վերջին վայրկեանը պայքարեցաւ իր հայրենակիցներուն անվտանգ ու խաղաղ կեանք պարգեւելու համար: Քամբպէլի մոնոմիթի տրամաբանութեամբ ան յաւերժօրէն վերադարձաւ իր ժողովուրդին` իր զոհողութեամբ ու անձնուրացութեամբ:  

Արցախեան շարժման օրերուն Մոնթէն բանտը կը գտնուէր, իսկ ես ԵՊՀ-ի ուսանող էի: Մոնթէին արգիլուած էր տպագիր մամուլ ստանալ: Ընկերներու գրածներով ու նամակներուս միջոցով Մոնթէն մօտէն կը հետեւէր Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումներուն: 1988-ին ան ինծի կը գրէր. «... Դուն իմ մէջս ամբողջովին նոր և չափազանց զօրաւոր բաներ արթնցուցած ես: Հիմա այս զգացումները կեանքէս աւելի թանկագին են: Կը զգամ, որ նոյնիսկ եթէ ես մեռնիմ զգացումներս ձեւով մը պիտի ողջ մնան: Այնքան ատէն որ դուն ողջ ես պիտի զգաս իմ սէրս...» Հետադարձ հայեացքով կ'երեւակայեմ զինք իր խուցին մէջ ու կը մտորեմ որ Մոնթէին այդ սէրը կը տարածուի մեր բոլորին վրայ որոնք դեռ հաւատարիմ կը մնան իր սկզբունքներուն ու նուիրուած կը մնան մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter