HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Աշխարհահռչակ խմբավար Օհան Տուրեանի յիշատակին

«Նուագախումբը ինծի համար հսկայ երգեհոն մըն է, որով կը հնչեցնեմ մարդկային հոգիի եւ խիղճի մեղեդիացուած համանուագը»:

Օհան Տուրեան

Յունուար 7, 2011 առաւօտեան կը պատրաստուէինք նախաճաշելու երբ հեռաձայնը հնչեց:

-Բարի լոյս, ըսի:

-Բարի լոյս, Վարդան. Ինչպէ՞ս ես, -վարանոտ հարցուցի, - խնդրեմ, ո՞վ է խօսողը:

-Վարդանուշն է:

Ճանչցայ. դասընկերուհիս եղած էր երբ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի գրասեղանները կը բաժնէինք: Օհան Տուրեանի կրտսերագոյն քոյրն էր որ Պէյրութ կը բնակէր:

-Պէյրութէ՞ն կը խօսիս,- հարցուցի:

-Ո՛չ, ըսաւ, Պոսթըն տղուս քովն եմ: Ինչպէ՞ս ես:

-Ես լաւ եմ, դուն ինչպէ՞ս ես: Առողջութիւնդ, եղբօրմէդ, Հաննայէն ի՞նչ լուր: (Յովհաննէսին արաբերէնը Հաննա է: Երուսաղէմ այդպէս կը կոչէին)

-Լաւ լուր չունիմ: -Խէր ըլլայ:

-Լուր չունի՞ս. Երէկ Օհանը մեռաւ:

Կարծես պաղ ջուր թափեցաւ գլխուս: Պատմեց թէ ինչէս Հայաստան հեռաձայնած էր եւ Օհանի տիկինը՝ Ալիս Տուրեան Շամիրեան իրեն ըսած էր թէ անզգայ քնացած է, կարծես մահաքունի մէջ: Ալիսէն խնդրած է որ հեռաձայնը ականջին դնէ եւ ինք հետը խօսի:

Եղբօրը՝ Օհանին հետ խօսած ատեն արաբերէնով քրոջը կ'ըսէ. «հապիպթի» -սիրելիս: եւ այդ կ'ըլլայ վերջին խօսքը իրեն:

Ցաւակցութիւն յայտնելէ վերջ, երկուքս դպրոցական հին օրերը յիշեցինք. Օհանի ուսուցչական տարիները եւ անուշ յիշատակները, ու մխիթարական խօսքերով վերջացուցինք: Տուրեանի մահուընէ ետք, իր մասին բաւական յօդուածներ հրատարակուեցան, նշելով երաժշտական աղխարհին մէջ կատարած իր նուաճումներոն, հայրենասիրութեան, կարգապահութեան եւ այլ իրագործումներու մասին: Յօդուածագիրները ընդհանրապէս անդրադարձած են իր վերջին վաթսուն եւ աւելի տարիներու կատարած նուաճումներուն մասին:

Ես հոս պիտի ջանամ իր կեանքի մէկ հանգրուանին մասին գրել, որը շատ շատերուն անծանօթ է: Օհանենք Երուսաղէմի Հայոց Թաղամասին մէջ կը բնակէին եւ մեր տուները մօտ 50 մեթր իրարմէ հեռու էին: Իր մէկ եղբայրը՝ Դաւիթը (Տահուտ) ատաղձագործ ըլլալով, հօրս հետ արհեստակից էր. երբեմն հօրս կ'ընկերանայի երբ իրեն պիտի այցելէր:

Այդ տարիներուն Օհանը Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքին մէջ գերմանական Շլենլար արուեստից դպրոցը կը յաճախէր իրմէ երէց Յակոբ եղբօր հետ: Զիրենք չէինք տեսներ, որովհետեւ գիշերօթիկ ուսանող էին: 1940 տարուայ ընթացքին, նոր երիտասարդի մը յայտնաբերումը նորութիւն մըն էր: Գիտցանք թէ 18 տարեկան, անունը Հաննա էր, եւ Եասմինին (Օհանին մայրը) փոքր տղան է. երեք լեզուներու կը տիրապետէ՝ արաբերէն, անգլերէն եւ գերմաներէն:

Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանը հայերէն լեզուի կողքին կ'ուսուցանէր անգլերէն եւ արաբերէն: Եւ որովհետեւ ընդհանրապէս արաբերէն լեզուի ուսուցման համար ուսուցիչներ դժուար էր գտնել, օրուայ դպրոցի տեսուչին՝ Սերովբէ Վրդ. Մանուկեանի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նորեկ այս երիտասարդ տղան որպէս արաբերէնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ:

Օհանը բացարձակապէս ոչ մէկ հայերէն բառ չէր գիտեր, բայց իր հմտութենէն դպրոցի աշակերտութիւնը պիտի օգտուէր: Եւ օր մը, տեսուչին հետ դասարան մտաւ 19-ամեայ երիտասարդ մը ու մեզի ներկայացուեցաւ արաբերէնի եւ երաժշտութեան նոր ուսուցիչը՝ յանձին Պրն. Յովհաննէս Խաչատուրեանի, որուն փոքր քոյրը՝ Վարդանուշը եւ եղբօր աղջիկը՝ Նազուհին, մեզ հետ դասընկերներ էին:

Զինք «Ուսթազ» (ուսուցիչ) կը կոչէինք, որովհետեւ հայերէն չէր գիտեր: Մեր դասաւանդութիւնները հետզհետէ սկսան հետաքրքրական դառնալ: Երաժշտութիւնը սկսած էինք սիրել երբ տարբեր հեղինակներէ անգլերէն դասական եւ ժողովրդական երգեր ու գերմանական հոգեւոր երգեր հայերէն թարգմանութեամբ սկսանք սորվիլ ու երգել: Օհանը նոյն դասերը սկսաւ աւանդել Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի աշակերտներուն: Օհանը սկսած էր հայերէն լեզուով հետաքրքրուիլ:

Կիպրահայ ժառանգաւոր Ստեփան Տարաքճեանի (ապա Կոմիտաս Քհնյ. Անթիլիասի Միաբանութեան) պարտականութիւն տրուեցաւ Պրն. Յովհաննէսին հայերէն գրել կարդալ սորվեցնել:

Այս տաղանդաւոր ուսուցիչը վեց ամիս ետք արդէն հայերէն լեզուին տիրապետած էր: Յաճախ զինք կը տեսնէինք Ժառանգաւորաց Վարժարանի ֆութպոլի դաշտը, ուր գրեթէ իրեն տարեկից աբեղաներու եւ ժառանգաւորներու հետ ֆութպոլ կը խաղար:

Նոյն խումբին մէջ կային Թորգոմ (Երուսաղէմի ներկայ Պատրիարքը) Բաբգէն Ապատեանը, Զաւէն Տէրունեանը, Յակոբ Վարդանեանը, Կոմիտաս Շիրինեանը եւ ուրիշներ: Շատ չանցած Ժառանգաւորաց Վարժարանի աշակերտներէն, սարկաւագներէն ու աբեղաներէն պատրաստեց քառաձայն երգչախումբ մը, որոնց սորվեցուց Կոմիտասեան Պատարագը:

Տաղաւարներու կամ պատրիարքական պատարագները կը վերածուէին հոգեպարար փորձառութեան մը: Կը յիշեմ «Որդիք Որոտման» տօնին առթիւ, պատրիարքական պատարագին , տիաբազոնը ձեռքը, ձայն կու տար երգիչներուն՝ Կոմիտասի Պատարագը անմահացնելով: Այդ պահերուն կարծես յոտնկայս ժողովուրդը հաւատքով լի, բազկատարած, իր աղօթքները առ Աստուած կը բարձրացնէր:

Յովհաննէսը իր երաժշտական կարողութիւններով երիտասարդ կրօնականներու խումբ մը կազմած էր, Շահան Պէրպէրեանի ցանած հունտերը՝ այժմ ծլարձակած Յովհաննէսի ճպոտին տակ, կը գունազարդէին հայ երգը դասական եւ ժողովրդական նմոյշներով:

Ինք լաւ երգեհոհահար, դաշնակահար էր եւ յետոյ կարճ ժամանակի մը համար ջութակ ալ կը նուագէր: Ատեն մը եղաւ, երբ Կիրակի օրերը կէսօրէ վերջի ժամերգութենէն վերջ Թարգմանչաց Վարժարանի սրահը կը վերածուէր դասական երաժշտութեան նուագահանդէսի մը, ուր երաժշտասէրներ կու գային մտիկ ընելու տարբեր հեղինակներու յորինումները, դաշնակի վրայ մտիկ ընելով Յովհաննէսի մեկնաբանութիւնները երաժշտական տիտաններու, ինչպէս Շոբէն, Պրահմս, Շուպերթ, Պէթովէն, եւայլն:

Երաժշտական ճաշակները կը նրբանային եւ յաճախակի այդ նուագահանդէսները իրեն հաւատարիմ հետեւորդները կ'ունենային, որոնք սրահը իրենց ներկայութեամբ կը լեցնէին: Յովհաննէսը պոչաւոր դաշնակ մը գնած էր որ գրեթէ ամբողջ սենեակ մը լեցուցած էր, աթոռէն վեր, քովի պատին վրայ կար այդ ատենուայ գեղեցիկ, երիտասարդ, ժպտադէմ Դիանա Տուրպին՝ գանատացի երգչուհիին նկարը:

Դիանան ամենասիրուած արուեստագիտուհիներէն մէկն էր որ հիացումի առարկայ էր բոլորին: Մենք, կարճ տափատով, սանտալով մի քանի տղայ, կ'երթայինք տան բակը, որուն դուռը միշտ բաց էր: Արեւէն տաքցած քարերուն վրայ նստած, լռութեամբ մտիկ կ'ընէինք դաշնակի նուագակցութիւնը, եւ այդպէսով մեր մէջ անզգալաբար զարգացաւ սէրը հանդէպ երաժշտութեան:

Երուսաղէմի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պաղեստինցի ֆութպոլի լաւագոյն խումբերէն մէկն ունէր. երկրորդ խումբէն կը խաղար Յովհաննէսը: Հ.Մ.Ը.Մ. Երուսաղէմի անդամակցած էր ու հետախոյզ Լեւոն Քէշիշեան 1942-ին որոշեց եզակի ձեռնարկ մը կազմակերպել, որուն անունը որոշուեցաւ «Քիչ մը ամէն բան»:

Երիտասարդ ուժեր խմբուեցան, փորձերու սկսան ու Լեւոնը իր արտակարգ կարողութիւնները ի գործ դնելով, Յովհաննէս Խաչատուրեանին գործի լծեց եւ ահա կեանք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երգչախումբը: 20-ամեայ Յովհաննէսը հիացմունքի առարկայ դարձաւ իր ներկայացուցած Կոմիտասեան յայտագրով: Երուսաղէմի YMCA-ի սրահը այդպիսի բացառիկ երեկոյթ չէր ունեցած մինչեւ երիտասարդ ղեկավարի յայտնաբերումը: Արդէն իր առաջին երաժշտական յօրինումը հրատարակուած էր ու սկսած էր դառնալ փնտռուած ղեկավար: Այդ շրջանին հրաւիրուեցաւ որպէսզի PBS-Palestine Broadcasting Services-ի նուագախումբը ղեկավարէ ու ատկէ ետք սկսաւ վերելքը:

1944-ի շրջանին ան իր առաջին երգչախումբը կազմեց: Կրցաւ երիտասարդ սիրողներու խումբը մարզել ու որակաւոր յայտագրով ներկայանալ: Գլխաւոր մենակատարն էր Անգինէ Քէշիշեանը՝ սոփրանօ եւ Սեդակ Պալեանը՝ թենոր: Առաջին համերգն էր Յովհաննէսի ու տիկիններու խումբ մը զօրավիգ կանգնեցան այս համերգի յաջողութեան, յայտարարութեանց, տոմսերու եւ պատրաստութեան միջոցաւ: Վայրը՝ YMCA-ի սրահը, օժտուած էր արդիական երգեհոնով մը, որով պիտի ընկերանար համերգի յայտագրին:

Տիկ. Սիրանուշ Պօղոսեանի ջանքերով երգչախումբի աղջիկներէն կազմուեցաւ պարախումբ մը, որ Տիկ. Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ երկու հայկական 'կարնեցիներու' պարերով մաս կազմեցին յայտագրին: Երուսաղէմ կար «Աղրթցի» Կարապետեան կօշիկի յատուկ վաճառատուն մը, որոնց տղան պարիթոն էր: Յովհաննէս անոր ալ հայերէն երգեր սորվեցուց Կոմիտասէն եւ յայտագրին մաս կազմել տուաւ: Երգչախումբը առաջին անգամ ըլլաով պիտի երգէր Յովհաննէս Խաչատուրեանի նոր հեղինակութիւնը՝ Աւետիք Իսահակեանի «Հայաստանին» եւ նոյն ատեն Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ը:

Երգեհոնի վրայ կ'ընկերանար ղեկավարը, որ մեծկակ հայելիի մը մէջէն կը ղեկավարէր երգչախումբը: Լաւ կազմակերպուած ելոյթ մըն էր: Տիկնանց վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Գէորգեանը, իր բնակարանին մէջ թէյասեղան մը սարքեց ի պատիւ ղեկավարին եւ երգչախումբի անդամներուն:

Այդ գիշեր մինչեւ ուշ ժամեր հաճոյքով ըմբոշխնեցին երեկոյթը, որովհետեւ երբ Յովհաննէսը դաշնակի վրայ սկսաւ նուագել, ընկերանալով Անգինէին, ներկաները լուռ մտիկ կ'ընէին այդ հոգեզմայլ պահը, ուր օփերայի ընտրուած կտորներ կը ներկայացուէին մեզի: Երուսաղէմէն դուրս, դէպի «Էյն Քարէմ»-ի ճամբուն վրայ կը գտնուէր հրէական թաղամաս մը, որ կը կոչուէր «Պէյթաքէրէմ»:

Հոն, Խաչատուրեանները հողամաս մը ունէին, պտղատու ծառերով. հաւաք մըն ալ հոն կազմակերպուեցաւ երգչախումբին ի պատիւ եւ մինչեւ ուշ գիշեր հաճելի պահեր ունեցանք: Յովհաննէս դարձած էր փնտռուած եւ կարող ղեկավար մը մինչեւ իր Եւրոպա մեկնիլը 1948 թուականին:

Այդ առթիւ Լեւոն Քէշիշեան յօդուած մը ստորագրած էր «Նայիրի» ամսաթերթին մէջ, գովքը հիւսելով Խաչատուրեանին եւ մօտաւորապէս այս բառերով կը վերջացնէր իր խօսքը.

Կը մաղթեմ որ դաշնակահար Զաւէն Խաչատուրեանը, Արամ Խաչատուրեանի հեղինակութիւնը կը նուագէ եւ Յովհաննէս Խաչատուրեանն ալ կը ղեկավարէ մաքուր երանգներով: Գնա՛, մանչուկ քու ճամբայէդ. բարի երթ:

1943-ին մենք վեցերորդ դասարանն էինք ու այդ կը զուգադիպէր Եղիվարդի (Եղիշէ Վրդ. Տէրտէրեան, ապա Պատրիարք Ս.Աթոռոյ Երուսաղէմի) «Մակթաղինէ Մեղրամոմէ» առաջին բանաստեղծական հատորին, որը բաւական հետաքրքրութիւն ստեղծած էր գրասէր հասարակութեան մէջ:

Նոյն տարին նոյնպէս լոյս տեսաւ իր մէկ քերթուածը՝ «Վարդարան»ը: Խաչատուրեան այս գողտրիկ բանաստեղծութեան եղանակաւորումը կատարած էր ու մենք կ'երգէինք զայն: Ահա նմոյշ մը. «Ժամանակի լարին վրայ, վարդարան է կեանքը մարդուն ...»

Մեր դասարանը 1943-ի կրթական հունձքն էր եւ կը զուգադիպէր վարժարանի հիմնադրութեան 15-ամեակին: Այդ առիթը բացառիկօրէն տօնակատարուեցաւ YMCA-ի հանդիսասրահին մէջ, ուր նաեւ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը: Բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը Երուսաղէմ ըլլալով՝ իր ձեռքէն ստացանք մեր վկայականները: Այդ առթիւ, իբր մնաք բարովի երգ, մենք խմբովին երգեցինք Վահան Տէրեանի «Հրաժեշտի Գազէլ»ը՝ Յովհաննէս Խաչատուրեանի երաժշտութեամբ:

Այդ ժամանակաշրջանի Ս. Աթոռի Պատրիարք էր Մեսրոպ Արք. Նշանեանը, որ կաթուածահար էր: Այդ Կիրակի Ս. Յակոբի տաճարն էինք: Պատարագի ընթացքին հաղորդուեցանք, յետոյ, մեր դպրոցի տեսուչ՝ Հայր Սերովբէ Մանուկեան եւ Հայր Հայկազուն Աբրահամեան վարդապետներու ընկերակցութեամբ պատրիարքարան բարձրացանք, Պատրիարքի օրհնութիւնը ստանալու: Եւ որովհետեւ չէր կրնար խօսիլ, «Հրաժեշտի Գազէլ»ը երգեցինք, աջը համբուրեցինք ու ստացանք իր կողմէ ստորագրուծ ժամագիրք մը:

Այս ձեւով մեր ուսուցիչ-աշակերտ կապը վերջացած էր Յովհաննէս Խաչատուրեանի հետ, մինչեւ այն ժամանակ երբ իր ջանքերով երգչախումբ մը կազմեց երիտասարդներէ, բոլորին մէջ հայ երգի պապակը յագեցնելու: Հոս նոր փակագիծ մը պիտի բանամ, հակիրճ գրելու Օհան Տուրեանի մասին: Յովհաննէս Խաչատուրեանի հօր անունն էր Խաչատուր:

Տիկինը, 5-րդ զաւակով յղի եղած ատեն, բարդութիւններ կը ստեղծուին եւ ծննդաբերութեան ժամանակ Տիկին Նազլին կը մահանայ, որբացնելով մանչերը: Խաչատուրը, մտահոգ թէ այս պզտիկները առանց մօր ի՞նչ պիտի ըլլան, կ'որոշէ վերամուսնանալ:

Հայֆա կը մեկնի ու հոն հանգուցեալ կնոջ մօտիկ ազգականին՝ Եասմինին հետ կ'ամուսնանայ եւ անկէ կը բախտաւորուի հինգ զաւակներով՝ Յովսէփ, Հեղինէ, Յովհաննէս եւ Վարդանուշ: Ընտանիքը կը մեծնայ եւ իւրաքանչիւրը նոր կեանքի ասպարէզ մը կ'ընտրէ իրեն համար: Խաչատուրեան ընտանիքի անդրանիկ զաւակը՝ Յովհաննէս երիտասարդ տարիքին կ'որոշէ Մարոք երթալ դրամ շահելու. դժբախտաբար զինք կը կորսնցնեն ու Խաչատուրը այդ զաւկին յիշատակը անթառամ պահելու համար իր տասներորդ մանչ զաւակը դարձեալ Յովհաննէս կ'անուանէ – ապագային Օհան:

Հայրերնին, իր զաւակներու կրթութեան մտահոգութեամբ, այդ ժամանակաշրջանին գերմանացի մարդասէր Johann Ludwig Schneller-ի արուեստի դպրոցը կը տեղաւորէ Յակոբն ու Յովհաննէսը. եւ որովհետեւ Երուսաղէմի դպրոցը տեղ չկար, զիրենք կը ղրկեն Նազարէթի դպրոցը, կրթութիւն ստանալու եւ արհեստ սորվելու: Յովհաննէսը երաժտութեան հանդէպ յակում ունենալով, սրինգ եւ երգեհոն նուագել կը սորվի:

Յովհաննէսը կը փափաքի եկեղեցւոյ երգեհոնը նուագել, բայց տնօրէնը չ'արտօներ: Այդ մղձաւանջով ամէն գիշեր անկողին կ'երթայ: Գիշեր մը, քուն վիճակին մէջ, տնօրէնին սենեակը կը մտնէ, սեղանին վրայէն եկեղեցւոյ բանալին կ'առնէ, եկեղեցի կ'երթայ ու երգեհոնին առջեւ նստելով կը սկսի նուագել: Նուագի ձայնէն տնօրէնը կ'արթննայ ու եկեղեցի կ'երթայ:

Կը տեսնէ Յովհաննէսը աչքերը գոց կը նուագէ: Առանց զայն խանգարելու, սենեակ կը վերադառնայ: Պահ մը վերջ, Յովհաննէս կը վերադառնայ ու եկեղեցւոյ բանալին առած տեղը կը դնէ, ապա իր սենեակը կ'երթայ ու քունը կը շարունակէ: Յաջորդ առտու, աշակերտներու աղօթքի պահուն, տնօրէնը տղոց կը հարցնէ թէ անոնցմէ ո՞վ նախորդ գիշեր եկեղեցւոյ երգեհոնը կը նուագէր. ոչ մէկ պատասխան:

Նոյն գիշերը, տնօրէնը սեղանին վրայ գտնուած գիրքի մը տակ կը դնէ բանալին: Յովհաննէսը դարձեալ քունի մէջ տնօրէնին սենեակը կը մտնէ, գիրքին տակէն բանալին կ'առնէ, եկեղեցի կ'երթայ, երգեհոնը կը նուագէ, բանալին ետ կը բերէ ու գիրքին տակ կը դնէ եւ սենեակ կ'երթայ կը քնանայ:

Յաջորդ օրը, տնօրէնը իր մօտ կը կանչէ Յովհաննէսն ու կ'ակնարկէ անոր երգեհոն նուագելուն: Յովհաննէս անշուշտ չի յիշեր թէ այդպէս բան ըրած է. բայց տնօրէնը կը քաջալերէ աշակերտը ըսելով թէ որեւէ ատեն արտօնութիւն ունի բանալին առնելու եւ նուագելու:

Պատանի տարիքին երաժշտութեան հունտերը կը սկսին ծլարձակիլ, վաղուայ տաղանդաւոր ղեկավար, յօրինող, դաշնակահար դառնալու, արուեստի եւ երաժշտութեան մարզերու մէջ դէպի նոր հորիզոններ ճախրելու, համաշխարհային ղեկավարներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւելու մեծերու շարքին՝ ինչպէս Թոսքանինի, Նիքիշ, Գարայան, Սթոքովսքի եւ Պըրնսթայն: Խաչատուրեան ընտանիքը պտղատու հաստաբուն ծառի մը նման, մեծցաւ, ճիւղաւորուեցաւ, եւ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան մէջ անուանի դարձաւ:

Բարի հօր եւ մօր ընտանիքի զաւակները տարիներու ընթացքին թիւով եւ որակով եղան Հայոց Թաղի անուանի ընտանիքներէն մին, եւ իւրաքանչիւրը իր կարգին կազմեց օրինակելի ընտանիք մը: 1939-1945 հանճար Յովհաննէսը Երուսաղէմի երաժշտանոցին մէջ կը սորվի եւ կը զարգացնէ յօրինումի, ղեկավարութեան եւ երգեհոն նուագելու արուեստները:

1948-ին կը ձգէ ծննդավայրը ու կը մեկնի Զուիցերիա՝ զարգացնելու իր նախասիրած արուեստները: Ցիւրիխի երաժշտանոցին մէջ կը սորվի խմբավարութիւն եւ ստեղծագործական դասերու կը հետեւի Ռոժէ Դէզորմերէի եւ Ժան Մարտինոնի քով: 1957-ին, 35 տարեկան հասակին, Մոսկուա կը մեկնի, դասական երաժշտութեան 6-րդ միջազգային փառատօնին մասնակցելու եւ մեծ յաջողութիւններ կ'արձանագրէ:

Այդ տարին բախտը կ'ունենայ հանդիպելու Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետին, որուն հրաւէրով կը հաստատուի Երեւան: 1959-ին ղեկավարն է Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբին, մինչեւ 1964: Նոյն ժամանակաշրջանին 1963-1968 հիւրաբար կը ղեկավարէ Լայբցիկի Կըւատհաուս օբերայի հանրածանօթ նուագախումբը: 1972-ին զինք կը տեսնենք Ամերիկա:

Օրուայ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի հին ծանօթութիւնը կը վերահաստատուի ու Նիւ Եօրքի Առաջնորդութեան հովանաւորութեամբ կը ծրագրուի «Անուշ» օբերան պատրաստել, որակաւոր երգիչներու եւ դպրաց դասերու անդամներու մասնակցութեամբ: Դժբախտաբար այդ ծրագիրը չ'իրականանար:

Տուրեան այնքան հմայուած եղած է Արամ Խաչատուրեանի արուեստով, որ մտածելով որ ինք տակաւին երկար ճամբայ ունի հասնելու նման մեծութեան եւ կրելու նոյն մականունը, իր մականունին սկզբնամասէն կրճատած է «Խաչա» մասնիկը՝ մնալով Տուրեան: Տուրեան կը պաշտէր հայրենիքը եւ մայրենի լեզուն. չէր ներեր այն ծնողներուն որոնք իրենց զաւակները օտար վարժարան կը ղրկէին:

Ահա թէ ինչ կ'ըսէ Մելանիա Աբովեանը Օհան Տուրեանի մասին.

Օհան Տուրեանի հաւատամքը երաժշտութիւնն էր. երաժշտութեան հրաշագործ աշխարհը: Ան կը մտնէր ուխտաւորի մը երկիւղածութեամբ 'բեմը ինձ համար սրբավայր է, վերացման վայր': Հանդիսասրահէն կը բարձրանայ եւ կը մտնէ երգահանի հոգւոյն մէջ, ըսելիքին մէջ. 'Կարելիս կ'ընեմ որ կարենամ հեղինակին ոգեղինացած աշխարհը մտնել ու կամուրջ ըլլալ իր եւ ունկնդիրին մէջ': Պատկառելի երաժշտացանկ մը ունէր, որուն մեծ մասը կը ղեկավարէր առանց երաժշտատետրի եւ ղեկավարի ձօղիկի: Իր գեղեցիկ, խօսող ձեռքերով երաժշտութիւն կը ստեղծէր:

Տուրեան անձ մըն էր որմէ կը ճառագայթէր քիչ մը սէր, քիչ մը բարիք, քիչ մը լոյս եւ անկեղծութիւն, ճշմարտախօսութիւն: Ան այս երկրաւոր կեանքին մէջ իմաստութեամբ գործածած է իր կեանքը: Այժմ իր մասին կը խօսինք ու կը յիշենք զինք հպարտութեամբ: Ան առանձին չմեկնեցաւ, այլ մեզմէ ալ բաժին մը առած գնաց անդենական կեանք: Կեանքը կիրքով ապրեցաւ: Երբ սիրեց, սիրեց ջերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Ան պիտի ապրի սրտերուն ու մտքերուն մէջ հարազատներուն եւ երկրպագուներուն, պարուրուած քաղցր յիշատակներով, որովհետեւ ան եզակի անձ մըն էր:

Բիւր յարգանք յիշատակիդ, սիրելի «ուսթազ»:

Թարգմանչացի 1942-1943 տարիներու աշակերտդ ՝ Վարդան Վարդանեան

Թորոնթօ, Գանատա, Մայիս 2011

ԾԱՆՕԹ

Խաչատուրեան ընտանիքը մանրամասնութեամբ.

Հայր՝ Խաչատուր Խաչատուրեան – կը կոչէին Ապու Հաննա (Յովհաննէսսի հայրը)

Ա. Մայր՝ Րահմէ (Ողորմած – հայացուած՝ Նազլի)

Բ. Մայր՝ Եասմինէ – Յասմիկ

Անդրանիկ զաւակը որ Մարոք գնաց անվերադարձ՝ Յովհաննէս

Յաջորդ զաւակները առանց երիցութեան կարգի՝

Յովհաննէս – Հաննա

Ատեփան

Աբրահամ – Իպրահիմ

Սողոմոն – Ըսլէման

Սահակ – Ըսհա'ա

Դաւիթ – Տահուտ

Յովսէփ – Եուսէֆ

Յակոբ-Ժաք – Եագուպ

Յովհաննէս – Հաննա – Օհան

Հեղինէ – Հելէն

Վարդանուշ - Ուարտէ

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter