ԶԱՐՄԱՆԱԶԱՆ 2026
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ 10-րդ «Զարմանազան» ամառնային արեւմտահայերէն ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու «Օթ-Սաւուա» շրջանին մէջ՝ Յուլիս 10-էն մինչեւ Օգոստոս 5, 2026։
Ծրագիրը կը հիմնուի երեք սիւներու վրայ, որոնք սերտօրէն կապուած են իրարու.
- 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
- 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը,
- Համալսարանական ծրագիր մը՝ ուղղուած Սփիւռքի արեւմտահայերէնի ուսուցիչներուն։
Պատանիները եւ երիտասարդները իրենց տարիքին համաձայն զանազան աշխատանոցներու պիտի մասնակցին, որոնց շարքին են՝ տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, փիլիսոփայութեան, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբայինխաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ։ Մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ, բոլոր նիստերուն եւ աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերելուեւ հաղորդակցելու լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը։ Ծրագիրներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է։
Ուսուցիչներու ուղղուած ծրագրին կից՝ Փարիզի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկին (Ինալքօ) առաջարկած դասընթացքներուն հետեւելով կարելի է ստանալ վկայագիր մը։ Ծրագիրը առաւելագոյնը 15 ուսուցիչ կրնայ ընդունիլ։
Զարմանազանը այն վայրն է, ուր ծրագիրի մը շուրջ կը հաւաքուին Սփիւռքի երեխաներ, երիտասարդներ, ուսուցիչներ եւ ուղեկիցներ։
Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 22 Փետրուար 2026, Կրինիչի միջին ժամով 23։00։
Ձեր դիմումը կրնաք կատարել այցելելով կայքէջը www.zarmanazan.com
Տեսանյութեր
Լուսանկարներ
Մեկնաբանել