HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Յաղթահարելով Դժուարութիւնները

Վերջերս յաճախ պատգամներ ու նամակներ կը ստանամ անհատներէ, որոնք քիչ մը շուարած ու յուսախաբ կ'ուզեն դրական բան մը լսել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին մասին: Շատեր կ'ուզեն պարզապէս կառչիլ դրական օրինակէ մը եւ թերեւս ատոր համար իմ միջոցաւս կը փնտռեն իրենց սիրելի ՀՀ ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանէն պատառիկ մը:

Պատասխաններ գտնելու համար դարձեալ կը դիմեմ Մոնթէին նամակներուն: 20 նոյեմբեր 1988-ին ան ինծի բանտէն կը գրէր. «Առանց քաղաքական յստակատեսութեան՝ ամէնալաւ նպատակները ունեցող մարդիկ կրնան մեծ վնասներ հասցնել։ Տարիներ առաջ նամակներէդ մէկուն մէջ նշեցիր թէ ես շատ խստապահանջ մարդ եմ։ Այո՛, գոնէ հայրենասիրական հարցերուն մէջ այդպէս եմ, որովհետեւ ես մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը եւ մեր ապագան շատ-շատ լուրջի կ'առնեմ։ Ոչ մէկը իրաւունք ունի խստապահնջ չըլլալու։…Մեր սփիւռքը չափազանց գէշ վիճակի մէջ է։ Աւելի գէշ քան առաջին նայուածքով կը կարծենք։ Հակառակ աս ամէն ինչին մենք պէտք է առաջ երթալու միջոց գտնենք։ Մենք պէտք է աշխատասէր դրական ուղղութիւն մը ստեղծենք որը մէկ առ մէկ կը յաղթահարէ դժուարութիւնները։ Ծանր պիտի ըլլայ բայց պէտք է ընենք»։

Մոնթէն այդ ծանր աշխատանքին լծուեցաւ իր ծայրայեղ աշխատասիրութեամբ ու նուիրումով: Ան կը հաւատար իր ժողովուրդի խելամտութեան ու դժուարութիւնները յաղթահարելու ոյժին:

Կը հասկնամ որ ժամանակի ընթացքին Մոնթէն դարձած է բանահիւսութեան կերպար: Իրական ու ոչ իրական շատ պատմութիւններ կը շրջագային իր մասին: Հազուադէպ պարագաներու կան նաեւ անոնք որոնք յերիւրանքներ կը տարածեն իր մասին: Մէկ բան անհերքելի է: Մոնթէն միշտ հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն: Ծուլութիւնը, ագահութիւնն ու նախանձը իր կեանքին մաս չէին կազմեր: 1992-ի ամառն էր կարծեմ:

Ստեփանակերտ, Պաշտպանութեան նախարարութեան դրան դիմաց հին վիլիսին մէջ Կոմիտասին հետ Մոնթէին կը սպասէինք: Մեր դիմացէն անցաւ կարմիր ու աչքառու նոր Նիվա մը:

–Էդ աւտոն կարող էր քո մարդունը լինել բայց նա չուզեց: Բոլոր շրջանի հրամանատարներին տուեցին,– ըսաւ Կոմիտասը կարծես դեռ զարմացած: –Գիտե՞ս ինչու չուզեց,– հարցուցի:

–Եսի՞մ: Ասաց ինձ նոր մեքենայ պէտք չի: Եթէ աւելի լաւ վիճակում վիլիս ունէք, կը վերցնեմ,– ըսաւ:

Պահ մը մտածեցի Մոնթէին անսովոր բարքերուն մասին: Ընչասիրութիւնն ու զեխութիւնը իրեն համար չէին: Մոնթէին ուրախութիւնն ու տխրութիւնը կախեալ էին իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող ժողովուրդին վիճակէն: Մեզի համար անձնականն ու ազգայինը անբաժանելի էին իրարմէ:

Մեր պատկերացուցած ապագան սերտօրէն կապուած էր մեր երկրի ապագային հետ ուր յաղթահարելով դժուարութիւնները, առաջ երթալու համար միասնական ճիգերով կրնայինք «կազմակերպուիլ ու հաստատ շօշափելի քայլեր առնել»:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter