HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ձուկ, ձկնորս, քրէականացում. նօթեր Սեւանայ լիճէն (մաս երկրորդ)

Արեւ Փափազեան

սկիզբը

VI. Ժողովուրդի եւ բնութեան հանդէպ հոգատարութի՞ւն, թէ՞ տնտեսական բեւեռացման վերարտադրութիւն

Վերադառնանք պետական պաշտօնական վարկածին եւ մէկ առ մէկ անդրադառնանք անոր բացթողումներուն կամ անստոյգ հաղորդումներուն:

Ա) Պետութիւնը, որպէս իրաւասու գոյացութիւն, կը միջամտէ բնութեան օգտագործման գործընթացներուն եւ անկէ կախեալ մարդոց կեանքերուն, որպէսզի վերականգնէ Սեւանայ լճի էքոհամակարգը:

Թէեւ կարելի է հարցադրել պետութեան իրաւասութիւնը ինքնին, յատկապէս կեդրոնացեալ կառավարման ձեւը, բայց այդ երկար քննարկման կարօտող հարցը դնենք մէկ կողմ: Ընդունինք ներկայացուած դերը  եւ նպատակը: Կը ծագի հարց: Ինչո՞ւ է, որ ՀՀ պետական մարմինները վերջին տարիներուն շատ մեծ աղմուկ կը բարձրացնեն սիկի գերորսին շուրջ եւ բնութեան պահպանման կարգախօսին տակ մինչեւ իսկ ոստիկանական միջոցներ կը գործադրեն աղքատ ժողովուրդի մը դէմ, երբ անդին երկրի ջրային համակարգը ապականող եւ շրջակայ գիւղեր անբնակելի դարձնող հանքարդիւնաբերական ծրագիրներ կանաչ լոյս կը ստանան, երբ բնապահպաններու մատնանշած այլ հարցեր կապուած նոյնինքն Սեւանայ լճի պահպանման կը մնան անտեսուած՝ ցանցավանդակային ձկնաբուծութիւնը կը շարունակէ պետական հովանաւորութեամբ ապականել լիճը, լիճ թափող գետերուն վրայի փոքր ՀԷԿ-երը կը շարունկեն կտրել հողագործութեան ջուրը եւ փակել ուղին իշխանի վերարտադրութեան, Սեւան-Հրազդան ՀԷԿ-ով ջուրի արտաթափման նուազեցումը հետեւողական ուշադրութեան չ'արժանանար, եւ այլ բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք նոյնքան կամ աւելի՛ կը վնասեն լճին քան սիկի գերորսը: Ինչո՞ւ ՀՀ պետական մարմինները վճռակամօրէն կը միջամտեն սիկի որսի կարգաւորման եւ լայն տեղ կու տան անոր պաշտօնական խօսոյթին մէջ, բայց նոյն ընթացքը չեն կիրարկեր  բնութեան օգտագործման այլ պարագաներու:

Բ) Սիկը ազգային ու պետական հարստութիւն է, այսինքն կը պատկանի ազգին-պետութեան, ուրեմն Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ ժողովուրդին, ոչ թէ յատուկ աշխարհագրական, տնտեսական, ընկերա-մշակութային խմբաւորումի մը:

Նորէն, կարելի է հարցադրել այս հաստատումը ինքնին. արդեօ՞ք սիկը իր ճակտի քրտինքով ջուրէն դուրս հանողին իրաւունքը հաւասար է լճին հետ որեւէ կապ չունեցող ժողովուրդի հատուածներու իրաւունքին հետ: Բայց այդ երկար քննարկման կարօտող հարցը դնենք մէկ կողմ: Ընդունինք ներկայացուած հաստատումը: Սեւանի սիկի պարագային, շատ տարածուած է «ազգային-պետական հարստութիւն» եզրերու գործածութիւնը (շահագործումը) եւ այդպէս է, որ կ'արդարացուի ձկնորսներուն ձկնագող կոչելը: Հարցումին՝ թէ որմէ՞ կը գողնայ ձկնորսը, պատասխաններուն չախչախիչ մեծամասնութիւնը կ'ըլլայ՝ «պետութենէն» կամ «ժողովուրդէն» (որ կը նոյնանայ ազգ իմաստին հետ քանի որ կ'ակնարկէ Հայաստանի ժողովուրդին, Հայ ժողովուրդին): Անմեղօրէն, անգիտակցաբար, կամ միտումնաւոր ձեւով, երբ այս եզրերը կ'օգտագործուին առանց ընկերային-տնտեսական կացութեան վերլուծութեան, առանց անդրադառնալու դասակարգային տարբերութիւններուն, երբ հղում կը կատարուի ժողովուրդին, ազգին, պետութեան՝ որպէս միատարր գոյացութիւններ, անոնք կը դառնան գործիքներ գողարկելու շահագործումի գործընթացներ: Կ'անտեսուի շօշափելի այն իրականութիւնը, ուր կը շահագործուի աշխատողը (ձկնորսը), որուն բաժինը այդ «ազգային-պետական» հարստութենէն անհամեմատ աւելի քիչ է քան իրեն շահագործողինը, իր վրայ իշխողինը, ներդրում ընողինը, արտադրութեան միջոցներուն տիրացողինը: Հղում ընելով «ժողովուրդ», «պետութիւն», «ազգ» վերացական հղացքներու, Սեւանի աւազանի ձկնորսական համայնքներու աշխատաւորները կը համարուին գող, իրենց հանապազօրեայ հացը վաստակելու համար: Սովորական կը համարուի այն, որ շօշափելի՛ մասը նոյն այդ ազգին, պետութեան, ժողովուրդին պէտք է առանց հատուցումի նուազագոյնը երկու ամիս մնայ եկամուտէ զուրկ՝ որպէս զոհողութիւն վերացականին: Իսկ երբ ձկնորսը բողոքէ, մատնանշելով որ իր եկամուտի աղբի՛ւրն է իրմէ կտրուողը, պատասխանը կ'ըլլայ՝ «լա՛ւ, մէկ ամիս եթէ տունը նստի սովից չի մեռնի», «թող մի քիչ խնայողութեամբ ապրի հիմա, յետոյ հանգիստ կ'որսայ», «թող ուրիշ գործ աշխատի»: Այս բոլորն ալ խօսքեր են, որոնք կա՛մ ընդունելի երեւոյթ կը դարձնեն աղքատութեան մէջ ապրիլը, կա՛մ կ'անտեսեն աշխատանք ճարելու դժուարութիւնները: Պաշտօնական վարկածի այս պնդումին մէջ կայ նաեւ հետեւողականութեան պակաս. արդեօ՞ք այլ ազգային-պետական համարուող հարստութիւններ կը պահպանուին կամ հաւասարապէս կը բաշխուին, թէ՞ երբ կարգը գայ միջազգային կամ տեղական մեծ ընկերութիւններու՝ «ազգային-պետական հարստութիւն»ները, ինչպիսին են օրինակի համար հանքարդիւնաբերութեան յանձնուող հում նիւթերը, կը դադրին ըլլալէ այդպիսին: Փաստօրէն միայն աշխատաւոր դասակարգն է, որ իրաւունք չունի օգտուելու «ազգային-պետական հարստութենէն»:

Գ) Սեւանի սիկէն կախեալ Սեւանի աւազանի բնակիչները առաջին օգտուողը կ'ըլլան այս նախաձեռնութիւններէն. եթէ հիմա, ներկայ տարիներու արգելքի ժամանակ, համբերեն ու չորսան, ինքնաբերաբար ապագային երկար ժամանակ կրնան իրենց աշխատանքը շարունակել բնականոն պայմաններու մէջ:

Այս պնդումը նկատի չ'առներ, որ եթէ հիմա՝ ներկային, չկարենան արժանաւոր կեանք ապրիլ Սեւանի աւազանի բնակիչները, ապագան շա՛տ ուշ կ'ըլլայ իրենց այդ հնարաւորութիւնը տրամադրելու համար:

Ամառնային առտու կանուխ մըն է, ձկնոսրի մը հետ որսէն յետոյ կը վերադառնանք տուն, Նորատուսի գիւղամէջ: Խարխուլ, մաշած ինքնաշարժի ցնցումներով կը յառաջանանք գիւղի գլխաւոր փողոցին վրայ:  Ձեռքը կ'երկարէ դէպի ճամբուն եզրի տուներէն մէկը՝ «տե՛ս, պարապ ա», յետոյ ուրիշ մը՝ «պարապ ա», ուրիշ մը՝ «պարապ», եւ այդպէս շարունակ՝ «պարապ», «պարապ», «պարապ»... Ամէն չորրորդ կամ հինգերորդ տունը պարապ է: Ո՞ւր գացած են: «Կողպել գնացել են»: Գործ չկայ, կեանքի յարմար պայմաններ չկան... գիւղի բնակչութիւնը ժամանակի ընթացքին կը պարպուի...

Սեւանի պահպանման հետ առնչուող տարբեր անձեր եւ խմբաւորումներ՝ ըլլան բնապահպաններ, գիտնականներ, պետական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու պաշտօնեաներ գիտեն, որ ձկնորսական համայնքներու աշխատողները յաճախ կը շեշտեն ներկայի կապուած այն փաստարկը, թէ ապագան ապահովելը անիմաստ է, երբ ներկայի՛ն հաց վաստակել չեն կրնար:[i] Անոնք շատ հապճէպ ձեւով կ'անտեսեն այս փաստարկին ճշգրտութիւնը եւ ծանրութիւնը: Սակայն ներկային գոյատեւելու հարցը շատ շտապ եւ իրական է: Նկատի առնելով աշխատանքի եւ եկամուտի կարելիութիւններու սահմանափակ ըլլալը, ձկնորսութենէն բացի հիմնական այլընտրանքները ուրիշ քաղաք – մայրաքաղաք – տեղափոխուիլը կամ արտագնայ աշխատանքն են: Արդէն իսկ Գեղարքունիքի բազմաթիւ բնակավայրեր արտերկրէն փոխանցուած դրամով կ'ապրին, պարպուած են աշխատող տղամարդոցմէ: Ի պատասխան այն փաստարկին որ աշխատանքի կարելիութիւնները քիչ են ձկնորսական համայնքներուն մէջ, շատեր կ'ըսեն «թող կրթուին, ուոսում ստանան, որ կարենան ուրիշ աշխատանք ճարել»: Բայց ո՞ւր: Չկայ ձկնորս, որ ինծի ըսած չըլլայ, թէ չ՚ուզեր որ իր զաւակը ձկնորսութեամբ զբաղի։ Չափահաս ձկնորսներուն համար, խօսք չկայ, որ արդէն իսկ ուշ է եւ ծախսալի, ընտանիք պահելու կողքին ուսում ստանալը: Իսկ երիտասարդութիւնը, ձկնորսներուն զաւակները, կը ստանա՛ն ուսում, կ'երթա՛ն համալսարան: Յետո՞յ: Մեծամասնութիւնը կը մեկնի-կը մնայ Երեւան քանի որ այդ ուսման համապատասխանող աշխատատեղ չկայ մարզի բնակավայրերուն մէջ, կամ կայ շատ քիչ, մարզի գլխաւոր քաղաքին մէջ: Ուրեմն, արդիւնքը նորէն նոյնն է՝ ձկնորսական համայնքները կը պարպուին իրենց բնակչութենէն: Այսինքն՝ առանց ձկնորսութեան դժուար է այնտեղ գոյատեւելը: Ուրեմն, ներկայի մասին փաստարկը իրական է ու շատ լուրջ:

Հետեւաբար, անհեթեթ է ապագայի մասին որեւէ խոստում ընելը Սեւանի աւազանի բնակչութեան երբ խոստումին չ'ընկերակցիր նաեւ ընկերային-տնտեսական պայմաններու արդար փոփոխութեան ճիգ:

Ապագայի նկատմամբ խոստումը առաւե՛լ անհեթեթ է երբ նկատի առնենք լճի ապագայի անորոշ վիճակը: Սիկը որքան ալ շատնայ, ջրիմուռները պիտի շարունակեն աճիլ եւ լիճը՝ ճահճանայ, եթէ հանքարդիւնաբերական թափօններ շարունակեն թափիլ աւազանի գետերուն մէջ, եթէ ցանցավանդակային ձկնաբուծութեան կերերը շարունակեն ապականել ջուրը, եթէ փոքր ՀԷԿերը շարունակեն արգելք հանդիսանալ անասուններու աճին, եթէ կոյուղաջրերը շարունակեն թափիլ լիճ: Երբ պայքարը լճի բնութեան համակարգը (էքոլոկիան) փոխող այս տարբեր գործընթացներուն դէմ հաւասարակշռուած չէ, ուրեմն ձկնորսին ապագայ աշխատանքն ալ ապահովուած չէ. ճահճացած լճի մէջ ի՞նչ որս: Ու կը յառաջանայ հարցում թէ՝ արդեօ՞ք իրապէս այս նախաձեռնութիւններուն նպատակը մէ՛կ է՝ «վերականգնել Սևանայ լճի էքոհամակարգը»: Իսկ եթէ չէ՛, ուրեմն ի՞նչ է իսկական նպատակը: Պատասխանը կը կարօտի խուզարկողական աշխատանքի, որ այս յօդուածի եւ իմ հետազօտական աշխատանքի սահմաններէն դուրս է:

կը վերարտադրուի՛ն անոնց աղքատ պահող գործընթացները, անոնց բնակավայրերը կը շարունակեն պարպուիլ, ու այդ բնակչութեան ապագան իր ապրած վայրին մէջ կը դառնայ վտանգուած, նաե՛ւ լճի ճահճացման վտանգին պատճառով: Այս լոյսին տակ ապագայի համար խօսքերը եւ «սա առաջին հերթին նրանց համար է արվում» հաստատումը կ'իմաստազրկուին: Երբ լճի պահպանութեան համար անհրաժեշտ այլ քայլեր կը մնան երկրորդական, էքոհամակարգ վերականգնելու նպատակը կը դառնայ անվաւեր:

Ահա թէ ինչո՛ւ կարելի չէ Սեւանի ձկնորսական համայնքները, իրենց ընկերային-տնտեսական պայմանները, ու դասակարգային անհաւասարութեան դիտանկիւնը դուրս ձգել Սեւանի բնութեան պահպանման ու ձկնորսութեան կապուած որոշումներէն ու զրոյցներէն: Հակառակ պարագային, այսինքն ներկայի քաղաքականութեամբ, աղքատութիւնը կը վերարտադրուի ու կը դառնայ ընդունելի ու սովորական, եւ տնտեսական բեւեռացումը կը սաստկանայ:

Ի՞նչ է այս քննարկումին միտք բանին: Պէտք է արտօնել որ սիկի որսը շարունակուի նաեւ ձուադրման եղանակի՞ն, որս կատարուի առանց որեւէ սահմանի՞: Ո՛չ. հասկնալ հարցին դասակարգային բնոյթը եւ ձկնորսական համայնքներուն պայմանները, չի՛ նշանակեր բոլորովին անտեսել որսի արգելքը որպէս բնապահպանութեան կարեւոր միջոց: Բայց կը նշանակէ հարցականի տակ առնել հիմակուան գործընթացին նպատակը եւ գործադրութեան ձեւը: Ինչպէս վերը նշեցինք, իսկական նպատակին քննարկումը կը պահանջէ յաւելեալ խուզարկութիւն: Այժմ, մի քանի պարբերութիւն գործադրութեան ձեւին մասին, յատկապէս ոստիկանութիւնը որպէս միջոց օգտագործելու, եւ կ'եզրակացնենք:

VII. Ոստիկանութիւնը՝ ձեւական լուծում

Թէեւ ոստիկանութեան դերը հասարակական խնդիրներ լուծելու մէջ ընդհանրապէ՛ս կասկածելի է, բայց մոռնանք ընդհանուրը եւ զայն քննարկենք սիկի որսի արգելքի ծիրէն ներս միայն: Կարելի չէ ձկնորսներուն արգիլուած ժամանակամիջոցին որսալու արարքը տարանջատել իր պատճառներէն: Եւ արդէն իսկ նշուած պատճառներով, կարելի չէ՛ ձկնորսները համարել ոճրագործներ: Այս պայմաններուն մէջ ոստիկանական միջոցներու դիմելը (միջոցներ, որոնք անքակտելի են բռնութենէ եւ ուժի կիրառումէ), փոխանակ ձկնորսին փոխանցելու վստահութիւն եւ համոզմունք չորսալու նկատմամբ, աւելի՛ կը խորացնէ լարուածութիւնը: Ինչո՞ւ. որովհետեւ կը նպաստէ վերարտադրելու ձկնորսը ոճրագործ նկատող, գող նկատող խօսոյթները, եւ փոխանակ լուծելու խնդրին աղբիւրը՝ անօրէն որսի պատճառները, կը լուծէ միայն ախտանշանը՝ որսի արարքը: Այսինքն, այլ բառերով, չի՛ ձգտիր իրապէս հասկնալու ձկնորսին կացութիւնը:

Պետական մարմիններ ու ներկայացուցիչներ հրապարակայնօրէն եւ պետական պաշտօնեաներ անհատական զրոյցներու ընթացքին կը յայտարարեն հպարտութեամբ,  որ ուժեղցուած արգելքի ժամանակամիջոցէն առաջ եւ ընթացքին բացատրողական աշխատանքներ կը կատարեն ձկնորսներուն հետ: Բայց իրականութեան մէջ այս մօտեցումը կ'ապացուցէ ուժային յարաբերութեան ներկայութիւն, քանի որ կը նշանակէ թէ հասկնալու ակնկալիքը միակողմանի է. պետական մարմինները կ'ակնկալեն ձկնորսէն հասկնալ արգելքի անհրաժեշտութիւնը: Բայց արդեօ՞ք պատրաստ են հասկնալու պատճառները, որոնք ձկնորսը կը մղեն որսալու, կը մղեն ընդվզելու որսի արգելքէն եւ ոստիկանական ուժի կիրառումէն: Պետութեան ներկայացուցիչները իրապէս պատրա՞ստ են ընդունելու, որ բնապահպանականէն շատ աւելի անդին կ'երթայ ձկնորսութեան կարգաւորման խնդիրը: Բացատրողական աշխատանքի վրայ շեշտ դնել կը նշանակէ ենթադրել, որ պատճառը որուն համար ձկնորսը կ'որսայ իր տգիտութիւնն է կամ բնապահպանական թեմաներ հասկնալու դժուարութիւնը: Եւ ուրեմն ոչ մէկ իմաստ ունի յոխորտալը բացատրողական աշխատանքներով, երբ անոնց հիմքը ի սկզբանէ սխալ է: Այս պայմաններուն մէջ այդ բացատրողական աշխատանքները, մանաւանդ ըլլալով մեքենական կրկնութիւն նոյն մակերեսային տողերուն, ուրիշ ոչինչ են քան ձեւականութիւն եւ պատճառաբանութիւն զանոնք յաջորդող ուժի կիրառման:

Բազմաթիւ են փաստերը ուր ոստիկանական միջոցը առաջարկող, արդարացնող կամ համոզումով գործադրող պետական պաշտօնեաներ չեն ուզեր հասկնալ ձկնորսներուն: Խախտումին համեմատ տուգանքի համեմատութիւնը եւ պատիժին դրամական ըլլալը, լողամիջոցներու եւ որսամիջոցներու առգրաւումը եւ զանոնք չվերադարձնելը (յաճախ նոյնիսկ արգելքի շրջանէն յետոյ), ձկնագող բառի օգտագործման շարունակականութիւնը, «թող ուրիշ գործով զբաղի» կամ «թող կրթութիւն ստանայ» խօսքերը, որոնք նկատի չեն առներ մարզի պայմանները եւ հնարաւորութիւնները, բոլորը ապացոյց են պատրաստակամութեան պակասի՝ հասկնալու եւ արդար ու բարոյապէս ճի՛շդ ձեւով լուծելու գերորսի խնդիրը: Այս համաթեքսթին մէջ, զարմանալի չէ, որ ձկնորսը ենթարկուելու փոխարէն պոռթկայ ու դիմադրէ պետական գործիքին ու օրէնքին, հասնելով մինչեւ ֆիզիքական դիմադրութեան:

Եթէ այս ոլորտին մէջ որոշում կայացնող պետական մարմինները ուզէին ընդունիլ աղքատութիւնը եւ գործազրկութիւնը որպէս հիմնական պատճառ սիկի ապօրինի որսի, ապա կը դիմէին այլ միջոցներու: Օրինակի համար՝ սիկի ձուադրման շրջանին դրամական յատկացումներով (subsidy) ապահովել ձկնորսութեան տնտեսութեան մէջ աշխատողներուն – յատկապէս ամենաքիչ վաստակողներուն – եկամուտը, պակսեցնելու համար որսով զբաղելու իրենց դրդապատճառը: Փոխանակ պետական պիւտճէէն մեծ գումարներ յատկացնելու նորակազմ Էկոպարեկին եւ Ոստիկանութեան ջրային պարեկին, նոյն այդ գումարը կը յատկացուէր խնդրին աղբիւրին լուծումներ գտնելու, նուազեցնելու աղքատութեան մակարդակը եւ տնտեսական բեւեռացումը:[ii] Նոյնիսկ պետական տրամաբանութեան ծիրէն ներս, աւելի նպաստաւոր է նեցուկ կանգնիլ ձկնորսին, որ երկրի տնտեսութեան վրայ աւելի ազդեցիկ գործօն է եւ կը նպաստէ անոր առաջնային հատուածին, քան պիւտճէն մսխել ուժային կառոյցներու վրայ, որոնք ոչ իսկ կարող են լուծելու խնդիրները (տրուած ըլլալով որ կը զբաղին ախտանշաններով միայն եւ իրենց կիրառած բռնութեամբ աւելի կ'օտարեն ժողովուրդը, կամ կը հետապնդեն մասամբ շինծու խնդիրներ անտեսելով աւելի խորքայինները):

Եթէ կառավարութիւնը ուզէր ընդունիլ աղքատութիւնը եւ գործազրկութիւնը որպէս գլխաւոր պատճառ սիկի ապօրինի որսի, հիմնական խնդիր մը, որ իւրայատուկ չէ Գեղարքունիքին, ապա կը մշակէր այնպիսի տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւն, որ աղքատ ժողովուրդի եւ աշխատաւոր դասակարգի գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմանները կը համարէ առաջնահերթութիւն: Այդ կը նշանակէ աւելի արդար հարկային համակարգ, պայքարիլ մայրաքաղաք-մարզեր բեւեռացման դէմ, պետական գործատեղերը կրճատելու եւ կեդրոնացնելու փոխարէն զանոնք պահել ու տարածել զանազան մարզերու մէջ: Հակառա՛կ տրամաբանութեան օրինակ են բնակավայրերու ինքնավար կառավարման փոխարինումը «խոշորացուած համայնքներ»ով, կամ ՍԱՊ-ի մասնաճիւղերու տեսուչներու դրութեան փոխարինումը կեդրոնացեալ պարեկներու դրութեամբ:

2024ի ամրան, քանի մը ամիս անց ՍԱՊ-ի տեսուչներուն գործէ արձակումէն, ՍԱՊ-ի պաշտօնեաներէն մէկուն հարցուցի ինչո՞վ կը զբաղին հիմա գործազուրկ դարձած նախկին տեսուչները: Պատասխանեց՝ «ձուկ են բռնում»: Կարեւոր չէ՝ կատա՞կ էր թէ՞ լուրջ. բնաւ անկարելի չէր: Պատասխանը երկու բառով ցոյց կու տար ամբողջ հեքնանքը կառավարական վերջին որոշումներուն ու տրամաբանութեան: Պիւտճէն եւ ուշադրութիւնը աւելի՛ ու աւելի՛ մղելով դէպի ոստիկանացում, անուղղակիօրէն նպաստել խնդրի վերարտադրութեան:

VIII. Ականջալուր ըլլանք ձկնորսին

Սեւանի ձկնորսութեան կարգաւորման շուրջ հրապարակային վէճերը եւ քննարկումները ընդհանրապէս բնապահպանութեան նեղ հասկացողութեամբ կը կատարուին՝ մարդիկը բնութենէն դուրս կը ձգեն: Իսկ երբ կայ խօսակցութիւն ընկերային-տնտեսական-մշակութային, այսինքն տեղի մարդո՛ց առնչուող թեմաներու շուրջ, ապա տիրապետող ոճը թելադրականն է, դաս տուողը, նոյնիսկ հրամայականը: Պաշտօնական հագ ու կապով կամ ոստիկանական տարազով մարդիկ «իրենց օֆիսներէն» (ինչպէս կը կրկնեն ձկնորսները) Սեւանի աւազանի ձկնորսական համայնքներուն կը բացատրեն ինչ կը նշանակէ բնութեան հետ համերաշխ ապրիլ, ինչ կը նշանակէ բնութեան եւ պետութեան կամ ժողովուրդին համար զոհողութիւն ընել, ինչպէս կարելի է քիչ եկամուտով գոյատեւել: Միաժամանակ, իրենց ուղղակի կամ անուղղակի որոշումներով կը վերարտադրեն համակարգ մը, որ բնապահպանութիւնը կը կարեւորէ այնքան ատեն, որ վերջինս չի խանգարեր դրամատէրերու եւ հարուստներու հանգիստը, համակարգ մը, որ կը խորացնէ տնտեսական բեւեռացումը:

Սեւանի ձկնորսները ու տնտեսութեան միւս աշխատաւորները կը տեսնեն կրկնուող այս երեւոյթները: Ոչ միայն տգէտ չեն անոնք, այլ ունին ապրուա՛ծ փորձառութիւն, որ կրնայ աւելի ուժեղ միջոց ըլլալ համակարգ մը հասկնալու քան գրականութիւն կարդալը: Իրենց փորձով կը նկատեն, որ «օրէնքը աղքատին համար է [միայն]» (ձկնորսի խօսք), որ հրապարակային խօսքերը չեն համապատասխաներ իրականութեան, որ բնապահպանութիւնը կ'օգտագործուի որպէս շապիկ այլ գործընթացներ ծածկելու: Ու կ'ընդդիմանան: Կ'ընդդիմանան ճնշիչ ու ճզմող համակարգին: Երբեմն կ'ընդդիմանան բռնութիւն կիրառելով իրե՛նք ալ: Բայց այդ բռնութիւնը պատասխան է: Եթէ պահենք դրամատիրական ակնոցները մեր աչքերուն, ապա կը տեսնենք «կռուարար» Նորատուսցի, «մաֆիոզ» Ծովագիւղցի, «ագահ» ձկնորս... Բայց կը բաւէ որ փոխենք ակնոցները, եւ այդ բռնութեան մէջ պիտի տեսնենք դասակարգային դիմադրութիւն, աշխատաւորի ու շահագործուողի պոռթկում եւ ընդվզում:

Կ'արժէ կրկնել, որ պետութիւնը միատարր գոյացութիւն մը չէ, որ պետական պաշտօնեաներէն բոլորը չեն, որ համոզուած են պաշտօնական վարկածին: Բայց տիրապետող խօսոյթին եւ մթնոլորտին հակառակ կարծիք բարձրաձայնելը դիւրին չէ: Միւս կողմէն, միայն պետական պաշտօնեաները չեն, որ ազդեցութիւն ունին պաշտօնական խօսոյթին վրայ: Գիտնականներ, բնապահպաններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, մամուլ, ձկնորսական շուկային հետ առնչուող մարդիկ, գործարարներ ու ընդհանրապէս ամէն մարդ, որ հասարակական խնդիրներու մասին բարձրաձայնելու տեղ եւ առիթ ունի, կրնայ նպաստել այս տրամաբանութեան եւ համակարգի վերարտադրութեան կամ հակառակը՝ հարցադրման: Համակարգին դէմ դնողները բոլորովին բացակայ չեն, բայց քիչ են ու անտեսանելի: Նաեւ կը դարձուի՛ն անտեսանելի: Եթէ կ'ուզենք նեցուկ տալ իրենց, եթէ կ'ուզենք թիկունք կանգնիլ Սեւանի ձկնորսական համայնքներուն եւ լուռ չմնալ աշխատաւորի, գիւղացիի, աղքատի շահագործման դէմ, ամէն բանէ առաջ պէտք է ականջալուր ըլլանք ձկնորսին ու ձկնորսական համայնքներու խոցելի խաւին: Լրջօրէ՛ն ընկալենք, դանդաղինք ու մտածենք թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ կը նշանակէ այն, որ

«Հանքերը թողած՝ հաց հանողին սարքել են քրիմինալ» (Սևանի ձկնորսի խօսք):

-----------------------------------------------------

[i] Այս խումբերն ալ միատարր չեն եւ բոլորը չեն որ այս կարծիքին են: Բայց կը կեդրոնանամ այս կարծիքին վրայ քանի որ տիրապետողն է:

[ii] ՀՀ 2025-ի պետական պիւտճէէն 14.5 միլիառ դրամ յատկացուած է Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութեան ծրագիրներուն, որուն 6.4 միլիառը ուղղուած է Էկոպարեկին: Այսինքն ՇՄՆ-ի պիւտճէի 44 տոկոսը. անցեալ տարուընէ 2.9 միլիառով աւելի:
https://minfin.am/hy/page/petakan_byuje_2025t; https://www.facebook.com/mnparmenia/posts/pfbid02M2xiLqkc5MNWoSqtu6igbR5yCQnyZf8QJZa3QBniVxVRYfyioqpcHaKkAVjXvNm3l

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter