
Արիս Պապիկեան քաղաքացիութեան դատաւոր վերանշանակուեցաւ
Յւոնիս 27 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, Քանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնի յայտարարեց, թէ Օնթարիոյի Միսիսոկա շրջանի քաղաքացիութեան դատաւոր վերանշանակուած է Արիս Պապիկեան, երկրորդ շրջանի մը համար, 3 տարուան ժամկէտով: Ան այս պաշտօնին կոչուած էր 2009-ին:
Քաղաքացիութեան դատաւորները պատասխանատու են որոշումներ կայացնելու քաղաքացիութեան դիմումներու նկատմամբ, նաեւ նախագահելու քաղաքացիութեան շնորհման հանդիսութեան երդման արարողութիւնները:
Դատաւոր Արիս պապիկեան, նախկան կոչուիլը այս պաշտօնին, երկար տարիներ ծառայութիւններ մատուցած է որպէս խորհդատու Քանատական Գաղթի եւ քաղաքացիութեան հարցերու:
Ան որպէս թղթակից եւ լրագրող, հիւրընկալուած է շատ մը հեռուստակայաններէ եւ մասնակցած ձայնանասփիւռի մասնագիտական ծրագիրներու: Իր յօդուածները ու հարցազրոյցները տպուած են միջազգային բազում թերթերու ու հանդէսներու մէջ:
Արիս Պապիկեան երկար տարիներ վարած է Armenian National Federation of Canada-ի նախագահի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ վարած է Canadian Ethnocultural Council-ի քարտուղարութիւնը: Իբրեւ լրագրող անդամակցած է National Ethnic Media and Press Council of Canada-ի:
Քանատայի դաշնակցային դրութեան հիմնադրման 125-ամեակին առթիւ ան արժանացած է Մեծն Բրիտանիոյ թագուհիին գնահատական շքանշանին:
Դատաւոր Պապիկեան իր դատաւոր վերանշանակման առիթով յայտարարեց, որ պատիւ է իրեն համար ծառայել Քանատայի ժողովուրդին եւ կառավարութեան որեւե մէկ մակարդակով:
Արիս Պապիկեան նաեւ յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Ճէյսըն Քէնիի եւ Քանատայի կառավարութեան իրենց վստահութեան ու համարումին, իր մասնակցութեան՝ քանատայի վերելքին, արժէքներու պահպանման եւ Քանատական քաղաքացիութեան գործընթացի սատարման:
Լուսանկարում՝ նախարար Ճէյսըն Քէնի, Քանատայի կառավարիչ Տէյվիտ Ճոնսըն, դատաւոր Արիս Պապիկեան
Մեկնաբանել