HY RU EN
Asset 3

Բեռնվում է ...

Էջի վերջ Այլ էջեր չկան բեռնելու համար

Որոնման արդյունքում ոչինչ չի գտնվել

Ամբաստանագիր` «Անհիմն գնահատականներ»ու առիթով

Յուլիս 1, 2013 թուակիր նամակով ուղղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ին, Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Գերշն. Տ. Նորվան արքեպիսկոպոս իր հրաժարականը կը ներկայացնէր Թեմակալ Առաջնորդի, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի ու Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի անդամակցութեան պաշտօններէն: Յուլիս 3, 2013 թուակիր նամակով, կաթողիկոսը կը հաստատէր հրաժարական նամակին ստացած ըլլալը իսկ 30-31 յուլիսի ընթացքին տեղի ունեցած Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի «ընդլայնուած ժողով»ը «խնդրանք ներկայացրեց Վեհափառ հայրապետին հաստատելու զայն»: Ու վերջապէս Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի սեպտեմբեր 2-ի թիւով տրուած   տեղեկութիւնը թէ Կաթողիկոսը հեռուստազրոյցով կը պատասխանէր Նորվան արք.ի ու Ամենապատիւ Պատրիարքի ամբաստանութեանց:

Այդպիսով կը կարծուի վերջ գտած ըլլայ Գերշն. Տ. Նորվան Արքեպիսկոպոսի հրաժարական նամակին ստեղծած վտանգալից կացութիւնը: «Վտանգալից»ը չափազանցութիւն չէ եւ յայտնօրէն հարցին լրջութիւնը խուսափած է Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի տխրահռչակ ժողովի մասնակիցներու հասողութենէն: Եթէ անոնք չեն անդրադարձած հարցի լրջութեան, կը թելադրուի իրենց` կարդալու մամուլի արձագանգները։

Այստեղ քով-քովի կը զետեղենք Գերշն. Նորվան սրբազանի նամակին մէջ եղած ամբաստանութիւններն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի պատասխանները: Առ այժմ կþանգիտանանք թէ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի ժողովի ընթացքին կարդացուած է՞ Նորվան սրբազանի չորս էջնոց բացատրագիրը ուղղուած կաթողիկոսին եւ Գերագոյնի անդամներուն: Մամուլին մէջ եղած կարգ մը ակնարկութիւններ թէեւ կը թելադրեն թէ կարդացուած էր այդ նամակ-բացատրագիրը: Ստորեւ Նորվան սրբազանի «անհիմն գնահատականներըե եւ անոնց պատասխան-անդրադարձը թէ’ կաթողիկոսին եւ թէ’ Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդին.

1) Նորվան արք. «ատենէ մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած է»:

Գարեգին Բ. կթղ. - «...Ձեզ հետ ունեցած մեր զրոյցի վերաբերեալ Ձեր թիւր տպաւորութիւններն ու գնատականները...»:

ՀԳԽ. - «...Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ...»:

2) Նորվան արք. - «...չէք անդրադառնար գուցէ թէ մարդոց արժանապատուութիւնը կը ճզմէք Ձեր ոտքին տակ»:

Գարեգին Բ. կթղ. - «զարմանք ապրեցինք` ընթերցելով Ձեր գրութիւնը« ի մասնաւորի մեր կողմից Ձեր անձը վիրաւորելու արտայայտութիւնները...»:

ՀԳԽ. – Ոչ մէկ անդրադարձ այս մասին« պարզ լռութիւն:

3) Նորվան արք. - «Ձեր յանկարծական յարձակումը վրաս« սարսափ պատճառեց.- «Եթէ, Տէր Վաչէ Քահանայ Հայրապետեանը մինչեւ 1 յուլիս« 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դո’ւ գործ չունես այլեւս»: ...եւ կրկնեցիք «Այո» դու Մայր Աթոռի հետ գործ չունես այլեւս»: Նախորդ օր շշմեր էի երբ ըսիք «...Վաչէ քահանային սքեմը, ի°մ պատիւս է, քո°ւկդ ալ պէտք ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ»:

Գարեգին Բ. կթղ. - «Ափսոսում ենք, որ սոյն դէպքի [Ծնթ. կ’ակնարկուի Փարիզի Շարլ Տը Կօլ օդակայանի սպասման սրահի մէջ տեղի ունեցած խօսակցութեան], սխալ տպաւորութիւնների ազդեցութեան ներքոյ դուք թոյլ էք տալիս նոյնքան եւ աւելի սխալ եզրակացութիւններ եւ ընդհանրացումներ»:

ՀԳԽ. –«...Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»:

4) Նորվան արք. - «... þբիզնեսþ հոգեբանութեամբ դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականները կառավարելու ո’չ տրամադրութիւնը ունիմ, եւ ո’չ ալ ժամանակը»:

Գարեգին Բ. կթղ. -«...որոշումների կայացման պատասխանադուութիւնը ստանձնէք ինքներդ` առանց Մեր անունը անհարկի առնչելու խնդիրներին եւ առանց յապաղելու խնդիրների լուծման գործում որոնք ձգձգուելով` բարդութիւններ են առաջացնում...»:

ՀԳԽ. – Անարձագանգ լռութիւն:

5) Նորվան արք. - «...Հայոց Մայրավանքի մէջ բացակայ է շնորհքի եւ սիրոյ մտնոլորտը« յոգնեցուցիչ է անհատի պաշտամունքը»:

Գարեգին Բ. կթղ. - «Տարօրինակ ենք համարում Մեր անձին ուղղեալ Ձեր վերագրումները եւ Մայրավանքի մթնոլորտի վերաբերեալ Ձեր դատումները»:

ՀԳԽ. –«...Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հասցէին ուղղուած անհիմն գնահատականների առնչութեամբ»:

 

Այսպիսով, պատասխանատուութիւնը կը վերադարձնէ թեմին` երեմիական յորդորով «...թեմի հաւատացեալներին եւ ազգային հաստատութիւններին ու կազմակերպութիւններին` քրիստոնէական սիրոյ ոգով նպաստել Ֆրանսիայի հայոց Թեմի բարեկարգութեանը եւ շինութեանը»: Պէտք չէ՞ր արդեօք Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդը «քրիստոնէական սէրն ու ոգին» կաթողիկոսին յիշեցնել: Դժբախտութիւն է տեսնել Հոգեւոր Գերագոյն Խորհրդի անճրկած հակազդեցութիւնները որոնք կը բաղկանան միակ ու կրկնուող անհեթեթութենէ փաստելով, հիմնաւորելով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքին` Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոսի անվրէպ բնութագրումը:

Արդ, բնական հարցումը որ կը ծագի« հետեւեալն է` որքա՞ն կարեւորութիւն պէտք է տալ կամ լուրջի առնել Գերագոյնին կարծիքը մանաւանդ երբ նոյնիսկ չեն ալ կրնար համրել թիւը մասնակցողներուն որ աւելի նուազ է աւանդական իր թիւէն ու հետեւաբար «ընդլայնուած կազմով» չէր կրնար ըլլալ: Այստեղ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ հետեւեալ դէպքը ճանչնալու համար Գերշն. Տ. Նորվան սրբազանը: Նորվան հայր սուրբը, ատենին Լիոնի առաջնորդական փոխանորդ« երեք հայ եկեղեցականներէն մէկն էր որ  յունուար 29, 1981-ին (Վաչէ Սեմերճեան «Նոր Օր», 11-18 դեկտեմբեր« 1984¤ կը դիմէր Amnesty International-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու« որպէսզի միջամտէին թուրք պետութեան մօտ ապահովելու համար ազատութիւնը սկիզբը վեց եւ ապա 14 տարուան ազատազրկման դատապարտուած հայր Մանուէլ Երկաթեանին: Հայր Մանուէլը ամբաստանուած էր իբրեւ խռովարար եւ Թուրքիոյ մեծագոյն թշնամին:  Նոյն այդ օրերուն այս կաթողիկոսը« այդ ատեն երիտասարդ աբեղայ կամ վարդապետ« հովուական աշխատանք կը տանէր Գերմանիոյ մէջ ուր Մուշէն ժամանած, հայերէնի անտեղեակ թրքախօս մշեցիներուն հայերէն սորվեցնելու նախաձեռնութիւնը: Հաստատելով հանդերձ այս իրականութիւնը, ինք, կաթողիկոսը, իրենց առաքելութեան գիտակից ու յանձնառու  երեք եկեղեցականներէն մէկը չէր:  Հայր Նորվանէն զատ միւս երկուքն էին հայր Փառէն Աւետիքեան Տիթրոյտէն ու հոգելոյս Շահէ արք. Աճեմեան, Երուսաղէմէն: Հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ`  քրէական յանցանքով դատապարտուած ու տեղացոյց ապարանջան կրելու պարտադրուած «քահանային սքեմի պատիւ»ով բծախնդիր կաթողիկոսը ինչո՞ւ նոյն բծախնդրութիւնը ցոյց չէր տուած 1981-ին երբ հայ վարդապետի մը կեանքը վտանգուած էր:  Ո՞վ էր աւելի հոգատար ու խիզախ եկեղեցականը` ինք կաթողիկոսը, անգէտ ու անտարբեր անցուդարձէն թէ հայր Նորվանը որ օրինակելի խիզախութեամբ կը կատարէր իր «հովիւ քաջ...»ի աշխատանքը` վարդապետական շուրջառին պարտադրանքով եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնով նուիրականացած առաքելութիւնը:  Փաստօրէն, կաթողիկոսը տակաւին ժամանակի պէտք ունի աւելի լաւ... ճանչնալու մեր եկեղեցւոյ լաւագոյն սպասարկուներէն մին:  Զարմանալի չէ ուրեմն, թէ կաթողիկոսը երբեք չկարողացաւ հասնելու «Ամենայն Հայոց»ի արժանաւոր, տաք, վստահութիւն ներշնչող պատուին ճիշդ այնպէս ինչպէս էր ՆՍՕՏՏ Գէորգ Ե. Ամենայն Հայոց Հայրենապահ Հայրապետը եւ միւս երանաշնորհ հայրապետները: Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նաեւ պէտք չէ մոռնայ թէ երբ Նորվան վարդապետը իր աշխատանքները կը տանէր հայր Մանուէլը պաշտպանելու, ունէր նոյն օրերուն Եւրոպայի հայրապետական նուիրակին ու Նորվան վարդապետի հոգեւոր հօր` հոգելոյս Տ. Սերովբէ Մանուկեան արքեպիսկոպոսի արտօնութիւնն ու հովանաւորութիւնը: Իսկ Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին, պէտք է իրազեկած ըլլար ՆՍՕՏՏ Վազգէն Ա. հայրապետը:  Այլ խօսքով, մեր եկեղեցւոյ երիցագոյն Հովիւն ու երէց սրբազաններէն մին կը գործակցէին ու կը համադրէին աշխատանքները փրկելու համար ոչ միայն սքեմը այլ հայր Մանուէլի կեանքը: Հովիւներն ու առաջնորդները այս մարդիկն էին` գիտակից ու պատրաստակամ իրենց ծառայական առաքելութեան մէջ:  Ժողովոուրդը իր սիրով ու յարգանքով կը գնահատէր եկեղեցւոյ այս նուիրական այրերուն առաքելատիպ զոհողութիւնները: Իսկ ներկայիս Ամենապատիւ Պատրիարքը սքանչելիօրէն ճշգրիտ արժեւորումը կատարած է Նորվան արք.ին եւ տուած է տեղին հարցումը. 

«Յուլիս 31-ի տխրահռչակ ժողովի բոլոր մասնակիցները կը ճանչնային Նորվան Սրբազանը իբր նուիրեալ եկեղեցական« բարի ու համեստ անձնաւորութիւն մը« ուրեմն ի՞նչն էր որ զիրենք մղեց այդ ճակատագրական սխալ քայլը առնելու»:

Զարմանալիօրէն մէկ ամիս ու երեք օրուան ընթացքին հրատարակուեցան պատմական երկու նամակ-փաստաթուղթ որոնց ազդեցութիւնը մեր եկեղեցւոյ կառոյցին ու աշխատելաձեւին վրայ պիտի ըլլայ կարեւոր ու մնայուն: Այդ նամակներն են Նորվան արք.-ի ու Պատրիարքի նամակները: Պատրիարքին նամակը զգալիօրէն թէական կը դարձնէ օրուան կաթողիկոսին հեղինակութիւնը: Իսկ երրորդ հետեւանքն ու իրականութիւնը պիտի ըլլայ իրական ու իրաւ ընթացակարգը ներկայ տագնապը հանգուցալուծման տանող կաթողիկոսի հրաժարումով կամ հրաժարեցումով եւ փոխարինելով զինք ընտրեալ« արժանաւոր հոգեւորականով:

Այս հաւանականութիւնը մտացածին չէ բնաւ այլ իրական ու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն: Նորվան արք. հրաժարական նամակին մէջ նշուած անհերքելի «գնահատականներով» իր եւ չորս էջնոց բացատրագրին (տակաւին չհրապարակուած) երեւան կը բերէ անհատ մը որ ինքնավստահ չէ« որ վտանգաւոր կերպով կը ցուցաբերէ գերակայութեան բարդոյթ եւ մանկունակ հակամիտութիւն տարբեր անհատներու ներկայութեան վարկաբեկելու իր սրբազանները որպէսզի ցոյց տայ շրջապատին թէ ինքն է տէրը, տիրականն ու ամէնագէտը: Իսկ իր վերջին հեռուստազրոյցին մէջ հանդէս կու գայ որպէս իրականութիւնները չարափոխող եւ ժողովրդի իմացականութիւնը արհամարհող անհատ:  Բոլորն ալ յոռի ու վտանգաւոր նկարագրի գիծեր` որոնք ոչ մէկ դրական ազդեցութիւն եւ արդիւնք չեն կրնար ունենալ: Կաթողիկոսի խուսափողական ու անհամոզիչ հակափաստերը «գնահատականները» կ’ընեն շատ աւելի հաւատալի ու անհերքելի:

Պարագայ մը խուսափած է կաթողիկոսի ուշադրութենէն` կարելի չէ զրպարտել ու գրեթէ հետեւողականօրէն հալածել սքանչելի ու հաւատաւոր եկեղեցւոյ սպասարկուն ու մնալ անպատիժ: Նորվան արք. ունեցած է ճակատագրական ու կենսորոշիչ հանդիպում մը նոյնանուն բայց տարբեր Հայրապետի մը` Գարեգին Ա. Յովսեփեանցին հոյակապ ու գիտնական Կաթողիկոսին հետ: Հազիւ 12-13 տարեկան էր երբ ան 1954-ին մէկ երկու այլ ընկերներու հետ քալելով մեկնած էր Անթիլիասի Մայրավանք` իրենց տուներէն հինգ քիլօմեթր հեռու, աջահամբոյրով տալու համար վերջին յարգանքը վախճանեալ Հայրապետին: Ատկէ ետք ամբողջ 59 տարի ան արժանավայել կերպով ծառայեց այն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար որուն ազգային նկարագրի ճարտարապետումը իրականութեան էին վերածեր Գարեգին Յովսեփեանցներն ու զինք նախորդող երախտաշատ ու երանաշնորհ հայրապետներու փաղանգը: Այդ ծառայասէր սրբազանը ծառայական ոգիով սպասարկեց անսակարկ« օրինակելի ու արժանաւոր կերպով որպէսզի թիւրիմացաբար կաթողիկոս եղած անհատէ մը հեգնուելո՞ւ համար: Ճիշդ է սրբազանը երբ կþակնարկէ «անհատի պաշտամունքի» խեղդիչ մթնոլորտին:

Սրբազանը յայտնած է յստակ ու փաստացի իրողութիւններ որոնց հակադարձը կաթողիկոսին կողմէ լաւագոյն պարագային գաղջ, խուսափողական, իրականութենէ փեռեկտուած ընդհանրութիւններ են իսկ յոռեգոյն պարագային անհեթեթ ինքնարդարացում չըսելու համար ուղղակիօրէն սուտ ինչպիսին է պարագան Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի բանաձեւումին: Այս վերջինը գտած է երկու բառ միայն իբրեւ պատասխան կամ ինքնապաշտպանում` «անհիմն տարաձայնութիւններ»:

Եթէ լուրջ են այս արքեպիսկոպոսները ապա Պատրիարքը շա¯տ, ցաւցնելու չափ շատ, ճիշդ էր` բնորոշելով զիրենք իբրեւ «պատկերներ»:  Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր կը մաղթենք իր գրչին դալար կենսունակութիւն եւ ամրութիւն իր բազկին` անհրաժեշտութեան պարագային արդարութեան լախտի հարուածը չխնայէ ու իջեցնէ իր թիրախին վրայ անկախ ամէն ինչէ:

Ուրեմն, յաջորդ Եպիսկոպոսական Ժողովը սեպտեմբեր 21-28ին Մայր Աթոռին մէջ անհրաժեշտ է գումարել արտասահմանի մէջ խուսափելու համար անհարկի որեւէ միջամտութենէ եւ միակ օրակարգով` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի յառաջացուցած այս վտանգաւոր կացութեան վերջ տալու եւ որոշելու ընթացակարգը նոր կաթողիկոսի մը ընտրութեան: Որովհետեւ անհատ եկեղեցական մը չի կրնար ըլլալ այնքան անհաղորդ ժողովրդի զգայնութիւններուն ու այնքան անյարգալիր ճշմարտութեան հանդէպ ու միեւնոյն ատեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս: Ու դեռ, իր վեղարին վրայ գտնուող ադամանդակուռ խաչը Լուսաւորչի յաւերժօրէն «պլպլացող քաղցրութեամբ, պլպլալիք միշտ կանթեղ»ն է որ յոյս ու հաւատք շաղ կու տայ մեր ժողովրդի բոլոր զաւակներուն վրայ: Եպիսկոպոսական Ժողովը այս գիտակցութեամբ պէտք է ընթանայ եւ ըստ այնմ տնօրինէ իր որոշումը` կաթողիկոսը կարգի ու լրջութեան հրաւիրելու, որպէսզի ան յետս կոչէ իր` հայրապետի ոչ-վայել, ոխակալաբոյր ու քինախնդիր պոռթկումը:  Կաթողիկոսը համեստութեան քրիստոնէական ոգիով ու զղջումով, պարտքին տակն է ներողութիւն հայցելու Եպիսկոպոսական Ժողովէն որպէսզի հայրենաբնակ ու արտերկրի իր հօտը վստահ ըլլան իր անմիջական հարազատութեան ու ճշմարիտ զղջման:  Որեւէ այլընտրանք պէտք չէ քննարկումի նիւթ ըլլայ: 

Մարզպետ Մարկոսեան                Արմենակ Եղիայեան

[email protected]               

5 Օգոստոս-3 Սեպտեմբեր« 2013

 Լոս Անճելըս

Մեկնաբանություններ (2)

aram
Well Vehapar, any response?
Արդար
Վեհ-ա-փառ փոխանակ արտասանելու «Անհիմն գնահատականներ» տերմինը ասեք թե որ գնահատականը ինչ՞ու համար է անհիմն՝ եթե իհարկե իսկապես հակաճառելու որևէ հիմք ունեք: Իսկ եթե հիմքեր չկան բնական է որ չեք կարողանա պատասխանել:

Մեկնաբանել

Լատինատառ հայերենով գրված մեկնաբանությունները չեն հրապարակվի խմբագրության կողմից։
Եթե գտել եք վրիպակ, ապա այն կարող եք ուղարկել մեզ՝ ընտրելով վրիպակը և սեղմելով CTRL+Enter